Որեւէ միութեան նման, Հ.Մ.Ը.Մ. ունի իր աշխատանքները ղեկավարող, համադրող եւ իրականացնող կառոյցը, որ բաղկացած է համապատասխան ժողովներու կողմէ ընտրուած մարմիններէ՝ Կեդրոնական Վարչութիւն, Շրջանային Վարչութիւն, Մեկուսի Վարչութիւն, Մասնաճիւղի Վարչութիւն։

Մարմիններու իրաւասութիւնները, պարտաւորութիւնները, մարմինէ մարմին յարաբերութիւնները ճշդուած են միութեան կանոնագիրով։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Կեդրոնական Վարչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործադիր գերագոյն մարմինն է, որ կ’ընտրուի չորս տարին անգամ մը գումարուող միութեան Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ։

Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գործադրէ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի որոշումները եւ կը հսկէ անոնց գործադրութեան՝ շրջաններէ ներս։

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Շրջանային Վարչութիւնը շրջանի մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործադիր մարմինն է, որ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովի կողմէ կ’ընտրուի երկու տարուան համար։ Շրջանը այն երկիրն է կամ նահանգը, որ ունի Հ.Մ.Ը.Մ.ի առնուազն երեք մասնաճիւղեր, որոնց անդամները միասնաբար կը հաշուեն նուազագոյնը 250 անդամ։

Շրջանային Վարչութիւնը կը վարէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանի մը միութենական գործերը եւ կը հսկէ իրեն ենթակայ մասնաճիւղերու գործունէութեան։

ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Մասնաճիւղի վարչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի մը գործադիր մարմինն է, որ անդամական ընդհանուր ժողովի կողմէ կ’ընտրուի մէկ տարուան համար։ Մասնաճիւղը քաղաքի մը ծիրին մէջ գործող Հ.Մ.Ը.Մ.ական կառոյցն է, որ 18 տարիքը բոլորած առնուազն 15 անդամ ունի։

ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Այն շրջանը (երկիրը կամ նահանգը), ուր Շրջանային Վարչութիւն գոյութիւն չունի, կը կոչուի Մեկուսի շրջան, իսկ անոր գործադիր մարմինը՝ Մեկուսի վարչութիւն։

ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Քաղաքի մը մէջ գործող Հ.Մ.Ը.Մ.ական կառոյցը կը կոչուի մասնաճիւղ։ 18 տարիքը բոլորած 15 անհատներու խմբաւորում մը կրնայ կազմել Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ։

ՄԻԱՒՈՐ

Միաւոր կը կոչուի Հ.Մ.Ը.Մ.ական այն կառոյցը, որ սկաուտական, մարզական կամ վարչական կորիզ մը ունի միայն, առանց 15 Հ.Մ.Ը.Մ.ական ունենալու։

Տարածենք