Հայկական ողիմպիականներու վերակենդանացումէն (1911, 1912, 1913, 1914, 1920) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան յաջորդած Նաւասարդեան երեք մարզախաղերու կազմակերպումէն ետք (1919, 1921, 1922), պայմաններու բերումով, միջ-մասնաճիւղային խաղերու փորձառութիւնը կը փոխադրուի Սփիւռք, ուր 1927-1972, 45 տարուան ընթացքին կը կազմակերպուին միջ-մասնաճիւղային 35 մարզախաղեր։

Հետագային, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կառոյցի ստեղծումէն ետք (1974), միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը կը փոխարինուին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերով։

Ստորեւ ընդհանուր ակնարկ՝ միջ-մասնաճիւղային 35 մարզախաղերու։

1927- առաջին մարզախաղեր (Հ.Մ.Ը.Մ. Հալէպ- Հ.Մ.Ը.Մ. Պէյրութ ֆութպոլի մրցում), Հալէպ, «Պաղտատ» շոգկառքի կայանի դաշտ։ Բաժակատուչութիւնը կը կատարէ տոքթ. Էրնէսթ Ալթունեան։

15 Ապրիլ 1928- երկրորդ մարզախաղեր, Պէյրութ, Ֆրըն Շըպպէքի դաշտ։ Բաժակատուչութիւնը կը կատարէ տիկ. Արուսեակ Սրապեան։

30-31 Մարտ1929- երրորդ մարզախաղեր, Պէյրութ։

1930- չորրորդ մարզախաղեր, Հալէպ։

5-6 Ապրիլ 1931- հինգերորդ մարզախաղեր, Պէյրութ։

27-28 Մարտ 1932- վեցերորդ մարզախաղեր, Հալէպ։ Բաժակատուչութիւնը կը կատարեն տիկ. Քալենտէր եւ եղբ. Միհրան Կարապետեան։

16-17 Ապրիլ1933- եօթներորդ մարզախաղեր, Հալէպ։ Օրուան թագուհի տիկ. Խաչատուր Շահէն

1-2 Ապրիլ 1934- ութերորդ մարզախաղեր, Հալէպ։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Աթանասեան։

21-22 Ապրիլ 1935- իններորդ մարզախաղեր, Պէյրութ, Ֆրըն Շըպպէքի դաշտ, հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Եղիշէ Արք. կարոյեանի։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Նարդուհի Մաւիսագալեան։

1936- տասներորդ մարզախաղեր Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ։

26 եւ 29 Մարտ 1937- 11-րդ մարզախաղեր, Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաշտին վրայ։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Մաքրուհի Եաւէրեան։

17-18 Ապրիլ 1938- 12-րդ մարզախաղեր, Հալէպ։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Հ. Ազիրեան։

9-10 Ապրիլ 1939- 13-րդ մարզախաղեր, Պէյրութի քաղաքապետարանի դաշտ։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Ռոզա Չէլէպի։

24-25 Մարտ 1940- 14-րդ մարզախաղեր, Հալէպ։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Հ. Ազիրեան։

13-14 Ապրիլ 1941- 15-րդ մարզախաղեր, Հալէպ։ Մարզախաղերը կը հովանաւորէ Սուրիոյ զինուորական ընդհանուր հրամանատար Զօր. Ռոֆիէր։

1942- 16-րդ մարզախաղեր, Հալէպ։

25 եւ 27 Ապրիլ 1943- 17-րդ մարզախաղեր, Հալէպ։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Ալիս Երուանդ Տէմիրճեան։

9-10 Ապրիլ 1944- 18-րդ մարզախաղեր, Հալէպ, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Թեմի Հայոց Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեանի։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Սէթեան։

1-2 Ապրիլ 1945- 19-րդ մարզախաղեր, Հալէպ։

20-22 Ապրիլ 1946- 20-րդ մարզախաղեր, Հալէպ։

6 Ապրիլ 1947- 21-րդ մարզախաղեր, Հալէպի «Նաւասարդեան» դաշտին վրայ։

27-29 Մարտ 1948- 22-րդ մարզախաղեր Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ քաղաքապետարանի դաշտերուն վրայ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի Հայոց Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեանի, նախագահութեամբ՝ Շաւարշ Միսաքեանի։

16-18 Ապրիլ 1949- 23-րդ մարզախաղեր, Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ։

9-11 Ապրիլ 1950- 24-րդ մարզախաղեր, Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ քաղաքապետարանի դաշտերուն վրայ։

24-26 Մարտ 1951- 25-րդ մարզախաղեր, Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ քաղաքապետարանի դաշտերուն վրայ, հովանաւորութեամբ՝ Հալէպի նահանգապետ Ֆուատ Պէյ Հալէպի։

12-14 Ապրիլ 1952- 26-րդ մարզախաղեր, Հալէպ։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Նինա Ճիտէճեան։

1954- 27-րդ մարզախաղեր, Հալէպ։

11-13 Ապրիլ 1955- 28-րդ մարզախաղեր, Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ քաղաքապետարանի դաշտերուն վրայ, հովանաւորութեամբ՝ Հալէպի նահանգապետ Ֆուատ Պէյ Հալէպի։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Գարուն Քիլէճեան։

1-2 Ապրիլ 1956- 29-րդ մարզախաղեր, Հալէպ։

20-22 Ապրիլ 1957- 30-րդ մարզախաղեր, Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Ազիզիէի նորակառոյց դաշտերուն վրայ, հովանաւորութեամբ՝ Հալէպի նահանգապետ Իսմայիլ Պէյ Քուլի, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի։ Օրուան թագուհի՝ Զապէլ Մ. Գույումճեան։

5-7 Ապրիլ 1958- 31-րդ մարզախաղեր, Հալէպ, հովանաւորութեամբ՝ Հալէպի նահանգապետ Իսմայիլ Պէյ Քուլի, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Անահիտ Էպլիղաթեան։

28-30 Մարտ 1959- 32-րդ մազախաղեր, Հալէպ, հովանաւորութեամբ՝ Հալէպի նահանգապետ Ռիֆաաթ Զըրէյքի, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Նազիկ Ճորճ Մարտիկեան։

16-18 Մարտ 1960- 33-րդ մարզախաղեր, Հալէպ, հովանաւորութեամբ՝ Հալէպի նահանգապետ Ռիֆաաթ Զըրէյքի, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի։

1-3 Ապրիլ 1961- 34-րդ մարզախաղեր, Հալէպ։

1-3 Ապրիլ 1972- 35-րդ մարզախաղեր, Պէյրութ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի նախագահ Սլէյման Ֆրէնժիէի։ Մրցումները կատարուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի ակումբին մէջ, իսկ մրցանակաբաշխութիւնը՝ Քամիլ Շամունի մարզաւանին մէջ։ Օրուան թագուհի՝ տիկ. Մարկօ Խաչիկ Պապիկեան։

Տարածենք