ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

Ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին, Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ սկաուտական 2017-2018 տարեշրջանի փոխանցման արարողութիւն՝ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։


Արարողութեան ներկայ էին «Յովհաննէս Հինդլեան» երէց-պարման միաւորէն, «Շաւարշ Քրիսեան» արի-արենոյշ միաւորէն եւ «Գրիգոր Յակոբեան» գայլիկ-արծուիկ միաւորի Կարմիր, Կապոյտ եւ Նարնջագոյն վոհմակ երամներէն 203 քոյր-եղբայրներ։


Նախքան փոխանցման արարողութիւնը, Հալէպի մասնաճիւղի շեփորախումբին մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ սկաուտական տողանցք, որմէ ետք Հալէպի մասնաճիւղին կողմէ տրամադրուած ֆութպոլի գնդակներ յանձնուեցան օրուան առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացող միաւորներուն։


Այնուհետեւ, 32 քոյր-եղբայրներ Կարմիր վոհմակ-երամէն փոխանցուեցան արիական շարքեր, 19 քոյր-եղբայրներ արիական շարքերէն փոխանցուեցան երէց-պարման միաւոր։ Տեղի ունեցաւ Փոխ Առաջնորդի եւ Առաջնորդի աստիճաններու տուչութիւն։ Ապա, Կարմիր վոհմակ-երամի նորեկ քոյր-եղբայրները արժանացան Նորագիրի վկայականի եւ ստացան փողկապներ։ Երէցական շրջանը աւարտած 13 քոյր-եղբայրներ, իբրեւ աստիճանաւոր թեկնածուներ, փոխանցուեցան «Շաւարշ Քրիսեան» եւ «Գրիգոր Յակոբեան» միաւորներ։
Աւարտին, Հալէպի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին անունով շնորհաւորական խօսք արտասանեց քոյր Հուրինա Պէրպէրեան- Վերտանեան։ Ապա, մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամփալեան հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեանը, որ ողջունեց սկաուտները իրենց փոխանցման առթիւ։ Ան շնորհաւորեց բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները միութեան 99-ամեակին առիթով, անոնց մաղթելով բարի երթ՝ դէպի 100-ամեակ։


Օրուան յայտագիրը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։

 Թղթակից
ՀԱԼԷՊ

Տարածենք