Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ…

 

 

Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանի, անդամներ՝ Վիգէն Աւագեանի, Թալին Օրտողլեանի եւ Հրաչ Սիսեռեանի, այցելեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք եւ հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Արամ Վեփահառը շնորհաւորէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ ընտրութեան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն իր յղած օրհնութեան գիրին համար։ Կեդրոնական Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց նաեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերուն յաջողութիւնը եւ յառաջիկայ ամիսներուն իր իրագործելիք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական նախաձեռնութիւնները։

Կեդրոնական Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետը իրազեկ դարձուց Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համա-եւրոպական կեդրոնի կառուցման աշխատանքներուն մասին։ Կեդրոնին նախագծման աշխատանքները արդէն իսկ աւարտած են եւ շուտով, տեղւոյն քաղաքապետութեան հետ գործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ, ընթացք կ’առնեն շինարարական աշխատանքները։

Իր կարգին, Արամ Ա. Վեհափառ Կեդրոնական Վարչութեան ճամբով իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին՝ յիշեցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր թեմական կառոյցներով, միշտ զօրավիգ կանգնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգանուէր գործունէութեան։

Հանդիպումին աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերուն յուշանուէրը։

 

… ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու աւարտին, Կիրակի, 31 Յուլիս 2022-ին, այցելեց Էջմիածին՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, անդամներ՝ Վիգէն Աւագեան, Թալին Օրտողլեան, Հրաչ Սիսեռեան, Տիրան Վահրատեան, Դաւիթ Յակոբեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետ քոյր Սատրա Վարդանեան։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողքին, հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ներկայացուց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն ընթացքը եւ «Հրաշք» մարզախաղերուն յաջող ձեւով կազմակերպումը։ Պատուիրակութիւնը նաեւ ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ գործունէութիւնը եւ յառաջիկայի ծրագիրները։

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան՝ Հայաստանի մէջ նման նախաձեռնութեան մը իրականացման համար։ Ան նաեւ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ «Հրաշք» մարզախաղերու մասին, որոնք համախմբեցին յատուկ խնամքի կարօտ 185 պատանիներ եւ երիտասարդներ։

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս շեշտեց կարեւորութիւնը համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն, որոնք լաւագոյն կարելիութիւնը կը ստեղծեն, որպէսզի նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներու իրարու ճանչնան, խանդավառուին, լաւատեսութեամբ տոգորուին եւ հայրենասիրութեան ոգիով լեցուին։

Հանդիպումին աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին յանձնեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերուն յուշանուէրը։

 

 

Տարածենք