Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԻ 22-ՐԴ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՅԱՋՈՐԴ ԵՐԿԱՄԵԱԿԸ ՀՌՉԱԿԵՑ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՇՐՋԱՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանի 22-րդ ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 11 Յուլիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 9.00-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 23 լիազօր ներկայացուցիչներու եւ խորհրդակցական ձայնով 18 մասնակիցներու: Ներկաներու շարքին էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան, պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութիւնը, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի եւ խմբապետութեան, Հալէպի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի եւ Քեսապի մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ՝ Շրջանային Վարչութեան յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ եւ ժողովին կողմէ հրաւիրեալներ: 

Ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան բացման խօսքին ընդմէջէն բարի գալուստ մաղթեց մասնակիցներուն եւ հեզասահ ընթացք՝ ներկայացուցչական ժողովին։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Կեդրոնական Վարչութեան եւ պատկան մարմինին, որոնք ամբողջ շրջանին նեցուկ կանգնեցան Շրջանային Վարչութեան աշխատանքներուն։

Ժողովին ընթերցուեցան մասնաճիւղերու վարչութիւններուն ամփոփ տեղեկագիրները, ապա՝ Շրջանային Վարչութեան երկամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը։

Ժողովը քննութեան ենթարկեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անցնող երկու տարիներու գործունէութիւնը եւ բարձր գնահատեց իրագործուած աշխատանքները, յատկապէս տասը տարուան ընդհատումէ ետք՝ միջ-մասնաճիւղային տողանցքի իրագործումը, զայն նկատելով Շրջանային Վարչութեան աշխատանքներուն դափնեպսակը:

Ժողովը յաջորդ երկամեակը հռչակեց վերակազմակերպման շրջան, որուն մեկնարկը կատարուեցաւ միջ-մասնաճիւղային տողանցքով։

Յատուկ օրակարգով քննարկուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանի ներքին կանոնագիրի բարեփոխումները եւ պարտք դրուեցաւ յաջորդ Շրջանային Վարչութեան՝ վերատեսութեան ենթարկելով ամբողջացնել զանոնք։

Ժողովականներուն այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեան: Ան օրհնելով ժողովին ընթացքը հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ազգային մաքուր նկարագիրով կը թրծէ մեր նոր սերունդի զաւակները, անոնց մէջ սերմանելով ծառայութեան եւ զոհողութեան ոգին:

Սրբազան Հայրը ողջունեց Սուրիոյ հինգ մասնաճիւղերու Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն մասնակցութիւնը, ապա անդրադարձաւ միջ-մասնաճիւղային տողանցքին, յայտնելով, որ տողանցքը Սփիւռքեան մակարդակով եզակի երեւոյթ հանդիսացաւ եւ միասնական աշխատանքի շնորհիւ իրականացաւ։

Ժողովին աւարտին, յառաջիկայ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուեցան առաջարկներ:

Պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան խօսք առնելով յայտնեց, որ 22-րդ ներկայացուցչական ժողովը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին համար անկիւնադարձային հանգրուան մը եղաւ: Ան գնահատեց ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան աշխատանքը, յատկապէս տողանցքի իրագործումը, որ մեծ արձագանգ ձգեց թէ՛ ներքին մակարդակի վրայ եւ թէ Սփիւռքի տարածքին։ Ան մաղթեց, որ նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը աւելի թափ տայ կազմակերպչական աշխատանքին եւ մասնաճիւղերը հերթական ժողովներով շարունակեն միութեան գաղափարաբանութեամբ դաստիարակել մեր զաւակները։

Իր խօսքին աւարտին, Վրէժ Եագուպեան նշեց, որ թէեւ թիւով նուազ ենք, սակայն աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող սուրիահայերը մեզի թեւ ու թիկունք կը կանգնին:

Աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան գնահատեց ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան անդամներուն աշխատանքը, արժեւորելով անոնց երկու տարուան գործունէութիւնը։

Եղբ. Քէօշկերեան գնահատեց Շրջանային Վարչութիւնը միջ-մասնաճիւղային տողանցքի կազմակերպման համար եւ մաղթեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական շարքերը աւելի խտանան եւ որակաւորուին Հ.Մ.Ը.Մ.ական կազմերու միասնական աշխատանքով։ Եղբայրը պատուիրեց, որ 22 Յուլիսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական կազմերը զանազան նախաձեռնութիւններով յիշատակեն «Հայ մարզիկի օր»ը, որ այս տարի կը զուգադիպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան 135-ամեակին։

Խօսքը եզրափակելով, եղբ. Քէօշկերեան մաղթեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր 111 մասնաճիւղերով շարունակէ բարձր պահել միութեան դրօշը, վկան՝ Արցախի 111-րդ մասնաճիւղը, որ նոր վարչութեամբ յառաջ կը տանի միութեան առաքելութիւնը։

Իր աշխատանքներուն աւարտին, ներկայացուցչական ժողովը ընտրեց յառաջիկայ երկամեակի նոր Շրջանային Վարչութիւն՝ հետեւեալ պատկերով.- Քոյր Լիզա Լալէեան, եղբայրներ Աւետիս Տէրվիշեան, Կարօ Գալայճեան, Արտաշէս Փայասեան, Եղիա Քիլէճեան, Յովիկ Սիւլահեան, Յարութ Գաբրիէլեան (Լաթաքիա), Միհրան Տիգրանեան (Գամիշլի) եւ Պօղոս Խաճարեան (Դամասկոս)։

Ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։

Տարածենք