ՓԱՐԻԶԻ ԻՍԻ ԼԷ ՄՈՒԼԻՆՈՅԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՝Հ.Մ.Ը.Մ. 7.5 ԹՈՆ ՍՆՆԴԵՂԷՆ, ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔ ԿԸ ԲԱԺՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒ

 

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, Հ.Մ.Ը.Մ. 7.5 թոն սննդեղէն, հագուստներ եւ դեղորայք բաժնեց լիբանանահայ ընկերային կարիքաւոր պարագաներու։ Օժանդակութիւնը տրամադրեց Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առիթով իր կատարած մարդասիրական օգնութեամբ։

Արդարեւ, քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի նախաձեռնութեամբ եւ փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեանի գլխաւորութեամբ, Պէյրութի պայթումէն անմիջապէս ետք, Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ ծայր տուաւ լիբանանցիներու օժանդակութեան ծրագիր մը, որուն մասնակցեցան քաղաքին բնակիչները, որոնց կարգին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի անդամները։ Ծրագիրը նպատակադրեց օժանդակել պայթումէն ամէնէն աւելի վնասուած Պէյրութի մարոնի եւ հայ համայնքներուն։ Առ այդ, օժանդակութիւնները ուղղուեցան մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդարանին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ճամբով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ընտանիքին։

Նախատեսուած օժանդակութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստ հասաւ Նոյեմբերին։ Օժանդակութեան հետ եօթնօրեայ այցելութեամբ մը Պէյրութ այցելեց Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետի ներկայացուցիչ՝ փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, որ այս առիթով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու ընկերակցութեամբ տեսակցութիւններ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տիրոջ, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի դեսպաններուն, հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդին, «Ազդակ», «Լօրիան Լըժուր» օրաթերթերու եւ «Վանայ Ձայն»ի տնօրէնութիւններուն հետ։ Ան նաեւ ընթրիքի հիւրը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, որ այս առիթով երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան յուշանուէր մը յանձնեց Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան։ 

Լիբանան հասած օժանդակութիւնը հանգրուանեց Էշրէֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանի սկաուտ խմբապետները քանի մը հանգրուանով տեսակաւորեցին եւ առանձին հակերու վերածեցին զանոնք։ Այնուհետեւ, հրաւիրուեցան գաղութին ազգային-բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք ստանձնեցին իրենց բաժինները եւ տօնական օրերու նախօրեակին բաժնեցին ընկերային իրենց պարագաներուն։

    

Տարածենք