ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Սգակիր Ղազարեան ընտանիք,
Երեւան,
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր վիշտով տեղեկացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղի «Աղթամար» սկաուտական խումբի անդամ եղբ. Գրիգոր Ղազարեանի նահատակութեան լուրը՝ Արցախի հերոսական պատերազմին։
Սկաուտական իր երդումին հաւատարիմ, եղբ. Գրիգոր իր ամէնէն թանկագինը՝ սեփական կեանքը ընծայաբերեց իր հայրենիքի բագինին եւ գնաց միանալու մեր անմահներու փաղանգին։
Եղբ. Գրիգոր չմեռաւ, այլ՝ անմահացաւ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի եւ հայու համար, որովհետեւ ան մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնաց ծնողական իր կրթութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական դաստիարակութեան, սեփական հայրենիքն ու արժանապատուութիւնը դասելով ամէն արժէքէ վեր։
Եղբ. Գրիգոր իր օրինակելի կեանքով եւ սրբազան նահատակութեամբ դարձաւ ներշնչման աղբիւր՝ գալիք սերունդներուն։
Կը խոնարհինք իր անմեռ յիշատակին դիմաց եւ Աստուծմէ կը հայցենք համբերութիւն, ուժ եւ կորով՝ յաղթահարելու համար մեր սիրելի եղբօր կորուստին վիշտն ու ցաւը։
Այս առիթով ընդունեցէք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ միութեան աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն ցաւակցութիւնները՝ եղբայր Գրիգորի նահատակութեան առիթով։
2 Հոկտեմբեր 2020
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ