«Մարզիկ»ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնաթերթն է, որ լոյս կը տեսնէ Պէյրութի մէջ։

Իբրեւ ամսաթերթ, «Մարզիկ» հիմնուած է Փետրուար 1980-ին։

Թերթին խմբագիրն է Վիգէն Աւագեան (vicken.avakian@homenetmen.org)։

«Մարզիկ» կը ծանօթացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործը եւ կը տարածէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խօսքը։ 26 երկիրներու իր աշխատակիցներով թերթը կը ներկայացնէ միութեան սկաուտական, մարզական եւ վարչական գործունէութիւնը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԺԱ. Պատգամաւորական Ժողովին որոշումով (Սեպտեմբեր 2015) թերթը լոյս կը տեսնէ եռամսեայ դրութեամբ։

«Մարզիկ»ի խմբագրութեան կապի միջոցներն են՝

marzig@homenetmen.org
Tel: +9611248043, +9611260117
P.O.Box: 80486 Bourj Hammoud, Lebanon

 

Տարածենք