ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ «Նաւասարդ» մասնաճիւղի սկաուտները, որոնք Արցախի վերջին պատերազմին զօրակցական նամակներ գրած էին Հայաստանի եւ Արցախի հայ զինուորներուն, ուրախութեամբ տեղեկացան, որ իրենց նամակները գտած են իրենց հասցէները եւ զինուորները գոհունակութեամբ ստացած եւ ընթերցած են նամակները, իրենց թիկունքին զգալով հեռաւոր Սիտնիի նոր սերունդին զօրակցութիւնը իրենց պայքարին, հայ հողին, սահմանին եւ հայ մարդու պաշտպանութեան ի խնդիր։

Վարձքը կատար սկաուտներուն եւ անփորձանք ծառայութիւն նամակները ստացող հայ զինուորներուն։

 

Տարածենք