ԱՂՕԹՔ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

 

Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդն ու խմբապետութիւնը, «Անդրանիկ» եւ «Արարատ» մասնաճիւղերու քոյրերն ու եղբայրները ներկայացան Սիտնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցի:

Քոյրերն ու եղբայրները մոմ վառելով իրենց աղօթքները կատարեցին Արցախի մէջ պատերազմող քաջարի զինուորներուն համար, Աստուծոյ կամքով եւ հայու մարտունակ հարուածներով անպայման յաղթելու եւ թշնամիին խաղաղութիւն պարտադրելու համար։ 

Տարածենք