Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՄԵՐԻԿԱՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ ԹԷՔՈՒՅԱՅԻ ՄԷՋ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՍԿՍԱՒ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 700 ԲԱՆԱԿՈՂՆԵՐՈՎ

Երեքշաբթի, 15 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 5-ին (Լոս Անճելըսի ժամով), Թեքույա բանակավայրին մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասային առաջին բանակումը, հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, կազմակերպութեամբ այս նպատակին համար յառաջացած խմբապետական յատուկ կազմին, հիւրընկալութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան եւ մասնակցութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու, Գանատայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ շրջաններէն աւելի քան 700 սկաուտներու։

Բանակումին բացումը կատարուեցաւ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներ Մհեր Դաւիթեան, Վիգէն Աբէլեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ), Վահէ Թանաշեան (Արեւելեան Մ. Նահանգներ), քոյր Լիոնի Սարմազեանի (Գանատա) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւններու անդամներ։

Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներ Մհեր Դաւիթեան, Վիգէն Աբէլեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ), Վահէ Թանաշեան (Արեւելեան Մ. Նահանգներ) եւ քոյր Լէոնի Սարմազեան (Գանատա): Ներկայ էին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութենէն եղբայրներ Փիէր Մանուկեան (ատենապետ), Զարեհ Մովսիսեան (փոխ ատենապետ եւ սկաուտականի ներկայացուցիչ), Վիգէն Տաքէսեան, Րաֆֆի Վարժապետեան, քոյր Ալիս Սիմոնեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութենէն եղբ. Ասատուր Երեմեան (ատենադպիր), որ այս առիթով գնահատական յուշանուէր մը յանձնեց հիւրընկալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան։

Ներկաներու շարքին էին նաեւ բանակումի Ընդհանուր Խմբապետուհի քոյր Շարլին Գեոզալեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Ընդհ. Խմբապետուհի) եւ բանակումի Փոխ Խմբապետ եղբ. Արուշ Պէրպէրեան (Գանատայի Շրջանային Ընդհ. խմբապետ):

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ բանակումի օրուան հերթապահ քոյր Մանէ Շահպազեան (Պըրպէնքի «Սիփան» մասնաճիւղէն): Երեկոյեան ծրագիրը ներկայացուցին քոյրեր Նաթալի Եքիքեան (Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղէն) եւ Գարինա Մսըրլեան (Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղէն ), բանակումի 12 ժամուան հերթապահներ:

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Փոխ Խմբապետուհի քոյր Քաթիա Գէորգեան սկաուտներուն յանձնեց կրօնական շքանշաններ։ Նշանները օրհնեց Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, որ նաեւ օրհնեց ջուրը, աղն ու հացը։

Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին հիւրընկալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւններու անդամներ՝ եղբայրներ Զարեհ Մովսիսեան եւ Ասատուր Երեմեան։ Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը փոխանցեց եղբ. Վահէ Թանաշեան։

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo