Հ.Մ.Ը.Մ.-«ՖՐԱՆՍ»Ի ՄԱՐԶԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԲԱՑՈՒՄԸ ԻՍԻ ԼԷ ՄՈՒԼԻՆՈՅԻ ՄԷՋ
Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ը այսուհետեւ իր յատուկ տեղը պիտի ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տօնացոյցին մէջ, իբրեւ եւրոպական ցամաքամասի Հ.Մ.Ը.Մ.ական մեծագոյն կեդրոնի բացման փառաշուք հանդիսութեան թուական։
Այդ օր սերունդներու եւ տասնամեակներու երազ մը իրականացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի Իսի լէ Մուլինոյի մարզաշակութային կեդրոնին բացումով։ Կեդրոն մը, որուն հողաշերտին ապահովման եւ կառուցման աշխատանքները երկարեցան աւելի քան վեց տարուան վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի եւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան նախնական համաձայնութենէն՝ 17 Ապրիլ 2019-էն մինչեւ պաշտօնական համաձայնութիւն՝ 21 Սեպտեմբեր 2019 եւ շինարարական աշխատանքներու մեկնարկէն՝ Ապրիլ 2022-էն մինչեւ պաշտօնական բացում՝ 22 Նոյեմբեր 2025։
Կեդրոնը կը գտնուի Փարիզի անմիջական արուարձան Իսի լէ Մուլինոյի հայաշատ շրջանին մէջ (Ռապըլէ փողոց, թիւ 6) եւ կը տարածուի 3000 քառ. մեթր տարածութեան վրայ։
ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Մարզահամալիրին պաշտօնական բացումը կանխեց Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի պատմութեան նուիրուած նկարներու ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ համալիրին դէպի մարզադաշտ առաջնորդող նախասրահին մէջ, ներկայութեամբ բացման հանդիսութեան պաշտօնական հիւրերու եւ շուրջ 800 ազգայիններու։
Պաշտօնական հիւրերու շարքին էին Ֆրանսայի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան գրեթէ լրիւ կազմը, որ նոյն օրերուն Փարիզի մէջ կը գումարէր իր լիագումար նիստերը, Իսի լէ Մուլինոյի փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ՝ զաւակը Հուսամ Հարիրի, Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի (CCAF) համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի եւ «Իմաստուններու խորհուրդ»ի անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ազգային բարերար տէր եւ տիկ. Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Անդրանիկ Պահարեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի զանազան շրջաններէն (Հայաստան, Լիբանան, Լոնտոն, Ալմելօ, Սոտերթելիա, Վիեննա, Միւնիխ, Մարսէյ, Նիս, Վալանս) ժամանած ներկայացուցիչներ, ֆրանսահայ ազգային, եկեղեցական, կրթական մարմիններու ներկայացուցիչներ, յատուկ հիւրեր, հայ թէ օտար թղթակիցներ, բարեկամներ, բարերարներ եւ մեծ թիւով ծնողներ։
Յետմիջօրէի ժամը 4.45-ին, պաշտօնական բացումը կատարեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան, փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, Հուսամ Հարիրի եւ «Իմաստուններու խորհուրդ»ի անդամներ՝ եղբայրներ Հրաչ Սիսեռեան եւ Լեւոն Պաղտասարեան։ Անոնք մկրատով մը հատեցին կարմիր ժապաւէնը եւ բուռն ծափողջոյններով ներկաները առաջնորդեցին մարզադաշտ, ուր ընթացք առաւ օրուան հանդիսութիւնը։
ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Բացման հանդիսութիւնը բաղկացաւ երեք մասէ՝ տողանցք, խօսքեր եւ գեղարուեստական բաժին։
Սկիզբը, Մեկուսի շրջանի խմբապետուհի քոյր Կասիա Վէքիլեանի առաջնորդութեամբ տողանցեցին մասնաճիւղին սկաուտական շարքերը՝ երէցներ, արի-արենոյշներ, գայլիկ-արծուիկներ եւ նորակազմ մոկլի վոհմակի անդամներ։ Անոնք հետեւեցան դրօշակակիրներու խումբին եւ տպաւորիչ կերպով դաշտին շրջանը կատարելով՝ գրաւեցին իրենց համար ճշդուած տեղերը։
Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները կատարեց սոփրանօ Լուսինէ Լեւոնի, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը երգեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի սկաուտները եւ ներկայ հոծ բազմութիւնը։
Օրուան հանդիսավարութիւնը հայերէնով եւ ֆրանսերէնով կատարեցին եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան եւ քոյր Դանիա Պապանազարեան։
Ապա, տան կարգի օրհնութեան աղօթքը կատարեց Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գրիգոր Եպս. Խաչատրեան, ընկերակցութեամբ Իսի լէ Մուլինոյի Աւետիս Ա. Քհնյ. Պալըգեանի եւ Արֆորվիլի Տիրայր Քհնյ. Գըլըճեանի։ Յաջորդեցին խօսքերը։
Առաջին խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի նախկին ատենապետ, «Իմաստուններու խորհուրդ»ի անդամ եւ մարզահամալիրի ծրագիրին ռահվիրայ՝ եղբ. Հրաչ Սիսեռեան։ Եղբայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մեծ ու փոքր նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան։ Ողջունեց անվերապահ աջակցութիւնը «հայերու իսկական բարեկամ» քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիին, փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեանին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, որոնք զօրավիգ կանգնեցան այս հսկայական ծրագիրին։ Եղբ. Սիսեռեան նաեւ նշեց. «Շնորհակալ եմ անոնց, որոնք մեզ կը յուսալքէին այս ճամբուն վրայ եւ կը կարծէին թէ պիտի ընկրկինք։ Ընդհակառակն, անոնք տասնապատկեցին մեր կամքն ու համոզումները՝ հասնելու համար հո՛ն, ուր հասանք այսօր»։ Եղբ. Սիսեռեան խօսքը եզրափակեց յստակացնելով, թէ կեդրոնը բաց է բոլոր հայերուն առջեւ, առանց խտրութեան։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հուսամ Հարիրի՝ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի զաւակը։ Ան շեշտեց եղբայրական եւ անխզելի կապերը Հարիրի ընտանիքին եւ հայութեան ու յատկապէս՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին միջեւ, ոգեկոչելով յիշատակը իր մեծ հօր՝ ողբացեալ Ռաֆիք Հարիրիի եւ յանձնառութիւնը իր հօր՝ Սաատ Հարիրիի, որոնք սկիզբէն հաւատացին այս ծրագիրին։
Փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեան խօսք առաւ յանուն քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի, որ առողջական պատճառներով չէր կարողացած ներկայ գտնուիլ։ Ան յիշեցուց, որ Սանթինի եղած է այս երազին իրականացման գլխաւոր հիմնասիւնը, ծրագիր մը՝ որ եզակի է Եւրոպայի մէջ։ Խանճեան եզրակացուց. «Արմատ նետելու դժուարութիւնը անցեալին կը պատկանի. այսուհետեւ, 3000 քառ. մեթր տարածութեամբ այս կեդրոնը հայ աշխարհի սրբավայր մըն է»։
Հուսկ, եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ «Այս կեդրոնը պիտի պատրաստէ ապագայի հայ մարդը։ Յանձնեցէ՛ք ձեր զաւակները այս հաստատութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, եթէ կ’ուզէք որ անոնք լաւ հայեր դառնան»,- յայտարարեց ան՝ ամբողջական յաջողութիւն մաղթելով այս ծրագիրին, որ պիտի հանդիսանայ համախմբման խթան։
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ
Խօսքերու աւարտին կիրարկուեցաւ 40 վայրկեաննոց գեղարուեստական յայտագիր մը՝ երգերով, պարերով, կենդանի պատկերով եւ տեսանիւթի օգտագործումով։ Յայտագիրը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդի յարութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի 48 տարիներու պատմութիւնը՝ շատ գեղեցիկ համադրումով եւ գեղարուեստական բարձր վայելքով։
Ֆրանսահայ արուեստագէտ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Եսայի Ալթունեանի մտայղացումով եւ պատրաստութեամբ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ալթունեանը, Իսի լէ Մուլինոյի «Արարատ» ժողովրդային պարախումբը (գեղարուեստական ղեկավարներ՝ Քաթարինա եւ Արամ Արզումանեաններ), երգչուհի Էրմոնիա եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի սկաուտներ։
ՍԵՆԵԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄԸ
Նոյն օրը, նորակառոյց համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը եօթը սենեակներու, որոնք կրեցին անունները միութենական երախտաշատ դէմքերու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ծնողներու։ Այսպէս, յատուկ ցուցանակներ պատուեցին յիշատակը եղբայրներ Սուրէն Մուրատեանի (Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի հիմնադիր), Կապի Փոստուի (Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի առաջին վարչութեան ատենապետ), Գառնիկ Մկրտիչեանի (Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ), Միհրան Շիմշիրեանի (Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ), Գեղամ եւ Ալիս Սիսեռեաններու, Յակոբ եւ Անահիտ Պաղտասարեաններու եւ Կարօ Վէքիլեանի։ Սենեակներու բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի զաւակը՝ Նժդեհ Մկրտիչեան (Երեւանէն), եղբ. Միհրան Շիմշիրեանի դուստրը՝ Հուրի Շիմշիրեան (Պէյրութէն), Սուրէն Մուրատեանի զաւակը՝ Տիգրան Մուրատեան, Կապի Փոստուի կինն ու աղջիկը՝ Սեդա եւ Լենա Փոստու, ինչպէս նաեւ՝ Սիսեռեան, Պաղտասարեան եւ Վէքիլեան ընտանիքներու հարազատները։
ԸՆԹՐԻՔԸ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ
ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄԸ
Բացման հանդիսութեան փառաշուք հանդիսութենէն եւ անոր յաջորդած հիւրասիրութենէն ետք, ներկայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատասխանատուները եւ հիւրերը ընթրիքի հիւրը եղան Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի «Իմաստուններու խորհուրդ»ին։
Ընթրիքի ընթացքին, «Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս» յատուկ յուշանուէրներով գնահատեց քաղաքապետ Անտրէ Սանթինին (ի բացակայութեան) փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեանը, գեղարուեստական յայտագիրի հեղինակ Եսայի Ալթունեանը եւ բոլոր անոնք, որոնք նպաստեցին կեդրոնին իրականացման աշխատանքներուն։ Յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։
Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի ներկայացուցիչ՝ Արթիւր Խանճեանին, երկրորդ մը՝ Խանճեանին եւ իր ատենապետին բերնով յայտարարեց, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի նորակառոյց համալիրին կը նուիրէ Պէյրութի մէջ յատկապէս պատրաստուած եւ Փարիզ բերուած միութեան պրոնզէ մեծ նշանակը՝ վահանը, մարզադաշտին պատերէն մէկուն վրայ ամրացնելու համար զայն։
Այս առիթով, արտասանուեցան սրտի խօսքեր։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին ֆրանսերէն խօսքը։ Ընթրիքին ներկայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններու ներկայացուցիչները իրենց կարգին փոխանցեցին յուշանուէրներ։ Մթնոլորտէն խանդավառուած կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։