Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ ՊԱՍՔԻՆԹԱՅԻ ՄԷՋ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 1000 ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Երեքշաբթի, 15 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6.15-ին, Լեռնալիբանանի Պասքինթա գիւղաքաղաքին մէջ ընթացք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումը, հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, կազմակերպութեամբ այս նպատակին համար յառաջացած խմբապետական յատուկ կազմէ, հիւրընկալութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ մասնակցութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի, Սուրիոյ, Գահիրէի, Ամմանի եւ Պաղտատի շրջաններէն աւելի քան 1000 սկաուտներու։

ՆԵՐԿԱՆԵՐԸ ԵՒ ԴՐՕՇԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Բանակումին բացումը կատարուեցաւ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Թեմի Հայոց Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան, Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգիսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ քոյր Թալին Օրտողլեան, եղբայրներ Վիգէն Աւագեան եւ Աւետիս Տէրվիշեան (Սուրիա), ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնակսն Վաևչութեան նախկին անդամներ՝ եղբայրներ Արա Յակոբեան եւ Իշխան Եղիայեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներ, Լիբանանի թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, Այնճարի եւ Պասքինթայի քաղաքապետներ Սեդրակ Հաւաթեան եւ Անթուան Հըրաուի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մարտիկ Արսլանեան եւ հիւրեր։

Հանդիսութեան սկիզբը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին նուագով, տողանցելով դրօշակի արարողութեան վայր մուտք գործեցին բանակումի մասնակից պատուիրակութիւնները։ Հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները, որոնց հետ բարձրացան Հայաստանի, Արցախի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ բանակումի մասնակից շրջաններու երկիրներուն դրօշները։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Դրօշներու բարձրացումէն ետք խօսք առաւ բանակումի հիւրընկալ շրջանի՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վահան Համամճեան։ Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ բանակումները առիթ են միութծեան մէջ մեր սորվածները գետնի վրայ կիրարկելու, տեսականը գործնականի վերածելու, միասնաբար ծրագիրներ մշակելու եւ իրականացնելու, միասին ապրելու, բարեկամանալու, ազգային ու մարդկային արժէքներու շուրջ համախմբուելու, Հ.Մ.Ը.Մ.ով զօրանալու եւ ամրապնդուելու։

Եղբայրը խօսեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին վստահուած դերակատարութեան մասին եւ ընդգծեց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ կը կերտուի ինքնավստահ մարդը, կը կոփուի ազգին նուիրուելու պատրաստ հայը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ հասակ կ’առնեն պատասխանատու եւ տիպար միութենականները, որոնց մէջ մենք կը տեսնենք մեր ապագան, մեր վաղուան առաջնորդներն ու ազգին պահապանները»։

Ապա, Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումին անդրադառնալով, եղբ. Համամճեան ըսաւ. «Թող այս բանակումը առիթ մը ըլլայ բնութեան գիրկը մտերմիկ եւ օգտաշատ օրեր անցընելու, նորութիւններ սորվելու եւ բաժնեկցելու, ընկերութիւններ հիմնելու, փորձառութիւններ շահելու՝ միշտ առաջնորդուելով հայրենիքին, ազգին ու Աստուծոյ ծառայելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբանով»։

Աւարտին, եղբ. Համամճեան Միջին Արեւելքի «իւրայատուկ օրրան»էն՝ Լիբանանէն, բանակումի մասնակիցներուն անունով ողջունեց Հայաստանի, Արցախի եւ համայն աշխարհի Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերն ու եղբայրները՝ «խոստանալով միասնաբար շարունակել մեր նախնիներուն երթը եւ կերտել նորանոր յաջողութիւններ»։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ քոյր Թալին Օրտողլեան եւ ըսաւ. «Հ․Մ․Ը․Մ.ի նորագոյն պատմութեան ծանօթներուն համար նորութիւն կը նկատուի ցամաքամասային բանակումի գաղափարը։ Բոլորս ալ ծանօթ ենք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներուն, որոնք քառամեայ հերթականութեամբ տեղի կ’ուենան՝ իրենց հովանիին ներքեւ համախմբելով զանազան երկիրներէ ժամանած հարիւրաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտներ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական իւրաքանչիւր սկաուտի երազն է գէթ մէկ անգամ մասնակցիլ այդ բանակումներուն՝ վայելելու անոնց խանդավառ մթնոլորտը եւ կապեր հաստատելու իրեն նման Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերու եւ եղբայրներու հետ։ Այլազան պատճառներով սակայն ամէն սկաուտ առիթը չ’ունենար մասնակցելու այդ բանակումներուն եւ կը զրկուի այդ պահէն ու անոր հաճելի յիշատակներէն։ Նկատի ունենալով այս պարագաները Կեդրոնական Վարչութիւնը գաղափարը յղացաւ կազմակերպելու ցամաքամասային բանակումներ, որոնք պիտի համախմբեն աշխարհագրականօրէն նոյն տարածքին մէջ գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններու սկաուտները՝ առիթը տալով անոնց սկաուտական բացօթեայ կեանքը վայելելու՝ թէեւ իրարմէ հեռու շրջաններու մէջ ապրող, սակայն նոյն միութեան պատկանող քոյրերու եւ եղբայրներու հետ»։

Շարունակելով, քոյր Օրտողլեան ողջունեց բանակումին հիւրընկալ եւ մասնակից շրջանները եւ խօսքը բանակող սկաուտներուն ուղղելով ըսաւ. «Օգտուեցէ՛ք այս եզակի առիթէն, որ ձեզի կը տրուի, մոռցէք թէ ո՞ր մասնաճիւղին կամ ո՞ր շրջանին կը պատկանիք․ յիշեցէք միայն, որ դուք Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներն էք եւ կը մասնակցիք իր տեսակին մէջ իւրայատուկ այս բանակումին։ Վայելեցէ՛ք իւրաքանչիւր պահը, հաստատեցէք նոր բարեկամութիւններ եւ այդ կապերը ամուր պահեցէք ու շարունակեցէք բանակումէն ետք ալ։ Եղէ՛ք կարգապահ, հետեւեցէ՛ք ձեզի փոխանցուած հրահանգներուն եւ թելադրանքներուն, որովհետեւ այս բանակումին յաջողութիւնը կախեալ է ձեր բոլորին գործակցութենէն եւ կարգապահութենէն»։

ԲԱՑՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

Բանակումի պաշտօնական բացումին յաջորդեց բանակողներուն ուղղուած առաջին խօսքը՝ բանակումի ընդհանուր խմբապետ քոյր Ալիք Տէր Պետրոսեան-Մելքոնեանի կողմէ։ Քոյրը դիտել տուաւ, որ նման բանակումի մը յաջողութեան համար կատարուած է համախմբուած ու կազմակերպուած աշխատանք: Ան պատիւ նկատեց գործակցիլ եւ աշխատիլ Հ.Մ.Ը.Մ.ական տիպար, անձնուէր եւ ապագայ ղեկավար խմբապետներու հետ, որոնց ուժերուն, ազգասիրութեան ու հաւատքին շնորհիւ կարելի դարձաւ նման բանակում մը իրականացնել:

Ապա, խօսքը տարազաւորներուն ուղղելով, քոյրը մաղթեց, որ բանակումը ըլլայ հեզասահ, չարքաշ, կարգապահ, ուրախ բանակում մը` առաջնորդուելով միութեան «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանով:

Այս առիթով արաբերէնով կարճ խօսք մը արտասանեց բանակումի փոխ ընդհանուր խմբապետուհի քոյր Թամար Աւետեան-Գատէհճեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան բանակումի յաջողութեան։

Բացման հանդիսութենէն եւ խմբապետական կազմի փոխանցումներէն ետք բանակողները ուղղուեցան իրենց ներքին բանակավայրերը՝ գործադրելու երեկոյեան համար ճշդուած յայտագիրները։

Photo