
440 — ՄԻՋՈՑ ԵՒ ՈՉ` ՆՊԱՏԱԿ (ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒՒԹԻՒՆԸ ԵՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ը)
Աշխարհը կ’ապրի արագ զարգացող արհեստագիտական ժամանակի մը մէջ։ Ամէն օր կը ստեղծուին նոր միջոցներ եւ կարելիութիւններ, որոնք կը փոխեն մեր կեանքին ձեւը, աշխատանքին ընթացքը եւ հաղորդակցութեան եղանակը։ Նորութիւններու շարքին լայն տեղ կը գրաւէ արհեստական բանականութիւնը՝ AI-ը, որ մեծ ազդեցութիւն ունի կրթութեան, գիտութեան, քարոզչութեան եւ հասարակական կեանքի զանազան մարզերուն մէջ։ Հայ կեանքը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւս հեռու չեն,- չե՛ն կրնար ըլլալ,- այս նորութիւններէն, մանաւանդ՝ AI-էն։
Իբրեւ հայ երիտասարդութեան դաստիարակութեան նուիրուած համահայկական կառոյց, Հ.Մ.Ը.Մ. աւելի քան մէկ դար զանազան միջոցներով կարեւոր խաղացած է հայ կեանքին մէջ։ Իր սկաուտական եւ մարզական գործունէութեամբ ան կերտած է սերունդներ, անոնց ջամբելով կարգապահութեան, ծառայասիրութեան, պատասխանատուութեան եւ ազգային գիտակցութեան արժէքներ։ Այսօրուան աշխարհը սակայն շատ բան փոխած է մարդոց հետաքրքրութիւններուն եւ մտայնութիւններուն մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ին դէմ ցցելով մարտահրաւէրներ, որոնց դիմագրաւումը կը պահանջէ նոր մտածողութիւն եւ ժամանակակից միջոցներու օգտագործում։
Եւ ճիշդ հո՛ս է, որ արհեստական բանականութիւնը՝ AI-ը կրնայ դառնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան նոր միջոցներէն մէկը։ Արդարեւ, AI-ը կը նպաստէ տեղեկութիւններու հաւաքման, դասաւորման, անդամներու տուեալներու կառավարման, դաստիարակչական նիւթերու մշակման, սկաուտական եւ մարզական ծրագիրներու պատրաստութեան։ AI-ը կրնայ թեթեւցնել պատասխանատուներու վարչական աշխատանքներուն բեռը եւ կրնայ խնայել անոնց ժամանակը, առիթ տալով որ անոնք աւելի շատ զբաղին պատանի-երիտասարդներու դաստիարակութեան գործով եւ համայնքային գործունէութեամբ։
Արհեստական բանականութիւնը՝ AI-ը կը ներկայացնէ գիտելիքի ստեղծման, աշխատանքի կազմակերպման եւ հաղորդակցութեան անսահման կարելիութիւններ։ AI-ը կը գրէ, կը հաշուէ, կը գծէ, կը յօրինէ, կը վերլուծէ…։ Աւելի՛ն, ան կը ստեղծէ նիւթեր, որոնք կը նպաստեն ազգային պատմութեան, մշակոյթին եւ արժէքներուն աւելի խոր ծանօթութեան։ AI-ով դաստիարակութիւնը կը դառնայ աւելի դիւրին, գրաւիչ, ժամանակակից եւ հետաքրքրական։
Բայց… ինչպէս գիտական բոլոր նորութիւններու պարագային, արհեստագիտական այս նորութիւնը եւս կարելի չէ «կլլել հալած իւղի նման»։ Թուային աշխարհը, արդարեւ, կը սպառնայ նորահաս սերունդի ներկայացուցիչները գամուած պահել ելեկտրոնային պաստառներուն եւ զանոնք վերածել առանձնացած, ինքնակեդրոն եւ անդիմագիծ մարդոց, մինչդեռ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաստիարակչական ամբողջ փիլիսոփայութիւնը հիմնուած է հակառակին՝ գործակցութեան, այլասիրութեան, ինքնութիւն եւ դիմագիծ ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ։
Լուծո՞ւմը, գիտակից եւ զգուշաւոր մօտեցումն է, որովհետեւ հակառակ իր ունեցած անչափելի օգտակարութիւններուն, արհեստական բանականութիւնը չի կրնար փոխարինել մարդկային շփումը՝ անմիջական հաղորդակցութիւնը, ներկայութիւնը եւ ընկերականութիւնը։ Չի կրնար փոխարինել այն ամուր եւ ջերմ կապը, որ գոյութիւն ունի Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամներուն միջեւ։ Չի կրնար փոխարինել մանաւա՛նդ միասնական աշխատանքի ուժը եւ ծառայութեան ոգին, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծագոյն հարստութիւններն են, յաջողութեան եւ յարատեւութեան գաղտնիքներն են։
Պէտք է տիրապետել արհեստագիտութեան եւ ո՛չ թէ ենթարկուիլ անոր։ Արհեստական բանականութիւնը պէտք է ծառայէ մարդուն, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարագային՝ անոր մարդկային եւ ազգային առաքելութեան, ինչ որ բոլորին կը պարտաւորեցնէ արհեստական բանականութիւնը օգտագործել իբրեւ միջոց եւ ոչ՝ նպատակ։ Միջոցը՝ գործիքը կը փոխուի, նպատակը կը մնայ անփոփոխ։
Միջոցը այսօր թուային հարթակն է, ցանցային աշխարհն է, որ ինչքան ալ արդիական եւ հզօր ըլլայ, չի կրնայ սակայն գիտակից, պատասխանատու եւ ազգային արժէքներով զինուած սերունդ պատրաստել։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը շարժում է, դպրո՛ց է։ Երբ կը բացակային ոգին եւ մթնոլորտը, երբ չկան զգացումն ու ղեկավարի անձին օրինակը, ի՞նչ դպրոց եւ ի՞նչ շարժում, ի՜նչ դաստիարակութիւն եւ ի՜նչ Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւն։
Վաղուան աշխարհը պիտի ըլլայ շատ աւելի արհեստագիտական եւ նորարար։ Իսկ այդ աշխարհին մէջ տեղ ունենալու, օրուան զարգացումներուն հետ քայլ պահելու համար, հայ իրականութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը յատկապէ՛ս պարտաւոր է անցեալի աւանդութիւնները համատեղել ժամանակի պահանջներուն հետ։ Արմատները կապել նորարարութեան։ Ազգային ինքնութիւնը, կազմակերպական ոգին եւ ժամանակակից գիտութիւնը իրարու հետ համադրել այնպէս մը, որ կարենայ ստեղծել գիտակից եւ ստեղծագործ երիտասարդութիւն։
Երիտասարդութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծագոյն դրամագլուխն է, իսկակա՛ն ուժը։ Բոլորին պատասխանատուութիւնն է գուրգուրալ երիտասարդութեան եւ զինել զայն ո՛չ միայն արժէքներով, այլեւ՝ ժամանակակից գիտելիքով եւ մտածողութեամբ։
Երիտասարդութիւնը կ’ապրի գիտութեան եւ արհեստագիտութեան աշխարհին մէջ եւ, հետեւաբար, հարցը այն չէ, թէ ան պիտի օգտագործէ՞ այս նոր գործիքը, այլ այն՝ որ ի՞նչպէս պիտի օգտագործէ, որպէսզի ո՛չ միայն յարմարի աշխարհին, այլեւ՝ մասնակից դառնայ անոր ձեւաւորումին։
Առ այդ, արհեստական բանականութիւնը մարտահրաւէր մը չէ միայն, հնարաւորութիւն է։ Հնարաւորութիւն՝ նոր միջոցով ծառայելու միութեան, ժողովուրդին եւ հայրենիքին։ Հնարաւորութիւն՝ հրաշալի նման գործիքով պատրաստելու երիտասարդութիւն մը, որ ատակ ըլլայ մեր վաղուան կեանքը առաջնորդելու։