ԱՐԹՈՒՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի շրջանի հիմնադիր սերունդին յաջորդած վաստակաշատ դէմքերէն է շէնշող նկարագիրով, անաղմուկ գործի վարպետ եղբ. Արթուրօ Յովհաննէսեանը։
Ան ծնած է Աթէնք, Յունաստան, 16 Յունիս 1942-ին, գաղափարական ընտանիքի մը յարկին տակ։ Եօթը տարեկանին փոխադրուած է Պուէնոս Այրէս, Արժանթին, ուր փոքր տարիքին մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղին։
1957-ին, երբ մասնաճիւղին «Արարատ» սկաուտական խումբը կը կազմուի, եղբ. Արթուրօ կ’ըլլայ անոր առաջին անդամներէն։
1967-1973 ան կը վարէ մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնը. «Wood-badge»-ի կարգը կը ստանայ Արժանթինի սկաուտական միութենէն, որուն հետ կ’ունենայ սերտ կապեր։
Եղբ. Արթուրօ կը մասնակցի 1967-ի Իտահոյի (Մ. Նահանգներ) եւ 1971-ին Ասակիրի Հայցի (Ճափոն) սկաուտական համաշխարհային 12-րդ եւ 13-րդ ճամպորիներուն, ներկայացնելով Արժանթինի սկաուտութիւնը։
Սկաուտական աշխատանքներու առընթեր, եղբ. Արթուրօ կ’ունենայ վարչական բեղուն կեանք։ 1965-1988 զանազան պաշտօններով ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի վարչութեան, 1984-1988 վարելով մասնաճիւղին ատենապետութիւնը։
1987-ին, 1991-ին եւ 1995-ին ան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դ., Ե. եւ Զ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներուն եւ Աթէնքի Ե. Ընդհանուր Ժողովին (1991) կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։
Իր խանդավառ բնաւորութեամբ եղբ. Արթուրօ կը գործակցի յաջորդական սերունդներու հետ՝ բոլորին փոխանցելով իր եռանդն ու լաւատեսութիւնը։ Ան տեւաբար կը բարձրանայ՝ իր հետ բարձրացնելով նաեւ շուրջինները։ Կը մնայ համեստ ու խոնարհ, առանց խտրութիւն դնելու մեծ ու փոքր գործերու միջեւ։ Արդարեւ, քառամեակ մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ըլլալէ ետք, ան չորս շրջան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան, 1995-1997 եւ 2011-2013 ատենապետի պաշտօնով, իսկ 1997-1999 եւ 1999-2001 իբրեւ պարզ անդամ։
Գիրն ու գրականութիւնը գնահատող եղբ. Արթուրօ, 1990-ին, գաղափարակից այլ եղբօր մը՝ Յարութիւն Ծառուկեանի հետ կը ստանձնէ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի Ա. հատորի հրատարակութեան մեկենասութիւնը։
Իր երկարամեայ ծառայութիւններուն համար, եղբ. Արթուրօ 2007-ին կ’արժանանայ «Ծառայութեան», իսկ 16 Դեկտեմբեր 2022-ին միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։
Եղբ. Արթուրօ կ’ըլլայ հաւատաւոր Դաշնակցական եւ երկար տարիներ պատասխանատու պաշտօններ կը վարէ կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցին մէջ։
Եղբ. Արթուրօ 83 տարեկան հասակին կը մահանայ 20 Յունիս 2025-ին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական յարգանքով մահէն երկու օր ետք կը թաղուի Պուէնոս Այրէսի անգլիական գերեզմանատունը։