«ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐ»ՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ ՀԱԼԷՊԻ ԵՒ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին սկաուտները պատշաճ կերպով նշեցին «Հայ սկաուտի օրը»։ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած, անոնք կատարեցին միօրեայ գործունէութիւն եւ տողանցք։
Օրուան յայտագիրը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ, ապա յաջորդաբար տեղի ունեցան խմբակային աշխատանք, մարզանք, նախաճաշ եւ ձեռային աշխատանք։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ բոլոր գայլիկներն ու Շար...