«ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԿԱՐԳ»Ի ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՄԵԿՆԱՐԿ
Շաբաթ, 22 Մայիս 2021-ին ընթացք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ձեռնարկած սկաուտական «Արարատեան կարգ»ի առցանց դասընթացքը։
Դասընթացքին կը մասնակցին տարբեր երկիրներէ միաւորի, մասնաճիւղի եւ շրջանային 45 խմբապետ-խմբապետուհիներ, որոնք կ’ամբողջացնեն կանոնագիրով սահմանուած պայմանները։
Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ միութեան ննջեցեալներուն յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելէ ետք, խօսք առաւ Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչներէն քոյր Շար...