Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՎՏԱՐԱՆԴԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԵՐԸ

 

Արցախի գրաւումէն եւ հայաթափումէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղը եւս իր անդամներով դարձաւ վտարանդի։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ իրենց ընտանիքներով ապաստան գտան մայրաքաղաք Երեւանի եւ Հայաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ (Արմաւիր, Կիւմրի, Աբովեան, Մասիս, Գորիս, Կապան, Վանաձոր եւ այլն)։

Ի տես ստեղծուած նոր կացութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց, որ Արցախի մասնաճիւղը, իբրեւ կազմակերպական ինքնուրոյն միաւոր, գործունէութիւնը շարունակէ Հայաստանի մէջ, մինչեւ որ ստեղծուին տունդարձի բարենպաստ պայմանները։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. Երեւանի իր կեդրոնին մէջ գրասենեակ մը տրամադրեց մասնաճիւղին։

Առաջին հերթին, կապեր հաստատուեցան Արցախէն տեղահանուած քոյրերու եւ եղբայրներու հետ՝ իրենց կարիքները ճշդելու եւ ըստ կարելիութեան օժանդակելու համար անոնց։ Այս նպատակով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Մեկուսի շրջանի աստիճանաւորներուն հետ։ Յաջորդեց միացեալ նիստ մը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան եւ Մեկուսի շրջանի վարչութեան հետ։

Ապա, աշխատանքները թափ առին ժամանակագրական հետեւեալ պատկերով.-

29 Հոկտեմբեր 2023-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի խմբապետական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ գործունէութիւն, որուն մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի սկաուտները։ Նախաձեռնութեան նպատակն էր բռնագաղթեալ սկաուտներու բարոյահոգեբանական վիճակին բարելաւումը եւ համախմբումը, ինչ որ իրականացաւ ամբողջութեամբ եւ արդիւնաւէտ կերպով։

Նոյեմբերի սկիզբը սկսան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի սկաուտներու շաբաթական հաւաքները, որոնց իրենց կանոնաւոր մասնակցութիւնը բերին մինչեւ իսկ Կիւմրիի մէջ բնակութիւն հաստատած անդամները։

12 Նոյեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Վահան Չերազ» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի միջ-մասնաճիւղային մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան Արցախի Մեկուսի շրջանի սկաուտները։

27 Նոյեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի սկաուտները միացեալ հաւաք մը ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Աբովեանի մասնաճիւղի սկաուտներուն հետ։

17 Դեկտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի սկաուտները, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաուտներուն հետ, այցելեցին Եռաբլուր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու յանուն Արցախի ինկած նահատակ եղբայրներու յիշատակին։ Այցելութեան ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ քոյր Սանտրա Վարդանեան, բազմաթիւ սկաուտներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, ինչպէս նաեւ նահատակ հերոսներու ծնողներ։ Նոյն օրը, Եռաբլուրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական նահատակներու։

23 Դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ, իսկ 24, 25 եւ 26 Դեկտեմբեր 2023-ին, Արմաւիրի մէջ կազմակերպուեցան Նոր Տարուան տօնակատարութիւններ, որոնց մասնակցեցան Արցախէն բռնագաղթած 350 մանուկներ եւ պատանիներ, անոնց կարգին նաեւ սկաուտներ։

13 Փետրուարին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի սկաուտները մասնակցեցան Տեառնընդառաջի առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կազմակերպած յատուկ տօնախմբութեան՝ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակը եւ կեդրոնական գրասենեակը։

Մարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի սկաուտները սկսան Երեւանի իրենց առանձին հաւաքներուն եւ 3 Մարտի իրենց հաւաքին վերյիշեցին Արցախեան շարժումի հերոսները, սկաուտական դրօշներու նշանակութիւնը եւ Արցախի շրջանները՝ իրենց խորհրդանիշներով ու տեսարժան վայրերով։

Շաբաթ մը ետք, 10 Մարտին, Արմաւիրի մէջ կայք հաստատած արցախցի սկաուտները, իբրեւ «Արցախ» խումբ, մաս կազմեցին «Վարդան Բախշեան» մասնաճիւղին եւ ունեցան ճանաչողական բնոյթի հետաքրքրական գործունէութիւն։

Այնուհետեւ, 17 եւ 24 Մարտին, «Վարդան Բախշեան» մասնաճիւղի «Արցախ» սկաուտական խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Մաղաքեան» կեդրոնին մէջ իրականացուող սկաուտական գործունէութեան։ 17 Մարտին, իրենց միացան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Աբովեանի մասնաճիւղի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախ մասնաճիւղի (Երեւանի) սկաուտները։ Տեղի ունեցաւ սկաուտական գիտելիքներու փոխանակում եւ փոխադարձ ծանօթացում։

Մարտ ամսուան գործունէութեան ընթացքին, Մեկուսի շրջանի սկաուտները ամրապնդեցին իրենց Բ. կարգի գիտելիքները եւ կատարեցին գործնական եւ տեսական քննութիւններ: Յաջողած սկաուտները ստացան նոր կարգեր եւ աստիճաններ:

31 Մարտին, Արցախի սկաուտները մասնակցեցան Ս. Յարութեան տօնին առիթով մատուցուած Պատարագին, այնուհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ- Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի մասնաճիւղերու սկաուտներու հետ, Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակը մասնակցեցան Զատկուան աւանդական խաղերուն եւ ազգային պարերուն:

Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանը կը գործէ հնգանդամ վարչութեամբ մը, որուն մաս կը կազմեն եղբայրներ Արմոնտ Թահմասեան (ատենապետ), Արսէն Աթաջանեան, Լեւոն Գրիգորեան, Անդրանիկ Չաւուշեան եւ քոյր Արեւիկ Գրիգորեան։

Մեկուսի շրջանի գործունէութեան մօտէն հետեւելու համար կարելի է այցելել ընկերային ցանցերու հետեւեալ հարթակները՝ Facebook/HomenetmenArtsakh New, Instagram/Homenetmen.artsakh

Տարածենք