ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

 

 

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու մեկնարկէն օր մը առաջ, Չորեքշաբթի, 20 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8-ին, Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի «Տրդատ երկրորդ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու պատասխանատուներուն առաջին հանդիպումը՝ խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն հետ։

Հանդիպումին բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։ Ան շեշտեց, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը սովորական մրցաշարքեր չեն, ուր խումբ մը կը յաղթէ, իսկ այլ խումբ մը կը պարտուի, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը առիթներ են միութենական մթնոլորտի ստեղծման եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընտանիքի անդամներու իրարու ծանօթացման։ Մարզախաղերը,- նշեց եղբ. Նաճարեան,- կը նպատակադրեն նաեւ նոր սերունդին ծանօթացնել հայրենիքը իր պատմական ու ազգային արժէքներով։

Հանդիպումին խօսքեր արտասանեցին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Մանուէլ Մարսիլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչ եղբ. Արմանտ Քիլիճեան։ Հանդէս եկան նաեւ մարզական յանձնախումբի անդամներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչականներ, որոնք հանդիպումի մասնակիցներուն ներկայացուցին մարզախաղերու յայտագիրներուն, խաղերուն, փոխադրամիջոցներուն, քարոզչական, վարչական եւ գումակային աշխատանքներուն կապուած շարք մը տեղեկութիւններ։ Փոխանցուեցան նաեւ կարգ մը մարզախաղերու նոր օրէնքները եւ անոնց կիրարկման անհրաժեշտութիւնը։

Աւարտին, մարզախաղերու պատասխանատուները պատասխանեցին պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներու զանազան հարցումներուն եւ ժամադրուեցան երկրորդ հանդիպում մը ունենալ Հինգշաբթի, 21 Յունուարի երեկոյեան ժամը 8-ին, խաղերու մեկնարկէն անմիջապէս ետք։   

Տարածենք