ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԸ՝ ԵՂԲ. ՄԱՆՈՒԷԼ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

 

Հաւաքուած ենք մեր խոնարհումն ու յարգանքի տուրքը մատուցելու յիշատակին այն մարդուն, որ այսօր յաւէտ բաժնուած է մեզմէ, բայց իր ապրած կեանքով մեզի ձգած է հարուստ ժառանգութիւն։

Կեանքի մէջ կարեւոր մարդոց յաջողութիւնները ընդհանրապէս կ’ունենան դաստիարակիչ եւ ներշնչող ազդեցութիւն յաջորդող սերունդներու համար։ Ես այսօր եղբ. Մանուէլի բազմաթիւ նուաճումներէն պիտի առանձնացնեմ հետեւեալ երեքը._

Եղբայր Մանուէլ հմուտ հաշուապահի իր մասնագիտութեամբ աւելի քան 50 տարիներ շարունակ իր ասպարէզին մէջ դրսեւորած է ժրաջանութիւն, օրինապահութիւն եւ հաւատարմութիւն, լաւագոյնս ներկայացնելով հայ մարդու օրինակելի կերպարը։

Իր յաջորդ լաւագոյն ձեռքբերումը հանդիսացած է իր կազմած հայկական ջերմ օճախը, որ արժանացած է իր ամբողջական հոգածութեան եւ գուրգուրանքին։ Ան իր առաքինի ու սրբակենցաղ յատկանիշներով իր զաւակներուն պարտադրած է կեանքի իւրայատուկ ապրելաոճ։ Այդ օճախը յագեցած է բարոյական ու մարդկային ազնուագոյն արժէքներով, համեմուած է ազգային յորդառատ ապրումներով եւ լուսաւորուած է քրիստոնէական հաւատքի խորհուրդներով։

Եղբ. Հալլաճեան կեանքի յաջողութիւններու բարձրագոյն գագաթը նուաճած է ազգային ծառայութեան մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքէն ներս։ 103 տարեկան, աւելի քան 111 մասնաճիւղ ունեցող հայկական ամենամեծ միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ամբողջ պատմութեան մէջ քիչ կարելի է հանդիպիլ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներու, որոնք 14 տարիներ ծառայած ըլլան տեղական վարչութեան մէջ, 4 տարի՝ Շրջանային Վարչութեան եւ 8 տարի՝ Կեդրոնական Վարչութեան կազմին մէջ, եւ միաժամանակ արժանացած ըլլան միութեան  բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։ Եղբ. Մանուէլ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով իր ազգին մատուցած ծառայութիւններով մեծ պատիւ ապահոված է իր ընտանիքին, իր սիրած միութեան’ Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ իր ազգին։

Եղբայր Մանուէլ Հալլաճեան ծնած է Հալէպ, 1929-ին: Ան իր նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ֆրռէր Մարիստ (Շանփանիա) Քոլէճին մէջ: Հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան իր իմացութիւնը ձեռք ձգած է գիշերային դասընթացքներով եւ ինքնաշխատութեամբ՝ հայերէն գիրքերու ընթերցանութեամբ:

Եղբայր Մանուէլ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու կողքին տիրապետած է նաեւ արաբերէնի եւ անգլերէնի: Իր կեանքի ասպարէզ ընտրելով հաշուապահութիւնը, 1952-ին ան ընդունուած է Հալէպի ելեկտրական ընկերութեան մէջ, իբրեւ գլխաւոր հաշուապահ:

Անկախ իր գործէն, եղբ. Հալլաճեան հաշուապահի իր մասնագիտութեամբ երկար տարիներ ծառայած է ազգային կառոյցներու խնամակալութիւններու։ 1985-2000 ան եղած է Հալէպի Հայ Ծերանոցի խնամակալ, ինչպէս նաեւ՝ երկար տարիներ Ճինիշեան յիշատակի բարեսիրական հիմնարկութեան գլխաւոր եւ վստահելի հաշուապահ ։

Եղբ. Մանուէլ Հալլաճեան 1955-ին կազմած է հայկական աւանդական իր օճախը՝ կեանքի ընկեր ընտրելով Շաքէ Մոմճեանը։ Այնուհետեւ ան բախտաւորուած է 2 մանչ զաւակներով, 3 թոռներով եւ մէկ ծոռ՝ նորածին երեխայով։

Սուրիոյ մէջ եղբայր Մանուէլին ազգային ծառայութեան կարեւորագոյն  յաջողութիւնները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերու մէջ.-

Ա. Եղբայր Մանուէլ պետական կապի իր հանգամանքով մեծ դեր ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական միջ-մասնաճիւղային մրցաշարքներու, տողանցքներու եւ մարզահանդէսներու կազմակերպման մէջ:

Բ. Եղբայր Մանուէլի ճիգերով կարելի եղած է շրջանցել լուրջ վտանգ, երբ մարզական միութիւններու պետականացման անուան տակ բազմաթիւ միութիւններ իրարու մէջ ձուլուած են: Հ.Մ.Ը.Մ.ը զերծ մնալով այդ փոփոխութենէն մնաց իւրայատուկ եւ միատարր, իբրեւ հայկական միութիւն:

Գ.      Եղբայր Մանուէլ զգալի դերակատարութիւն ունեցած է Հալէպի «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան հողաշերտին գնման եւ Քեսապի բանակավայրի կալուածին վերջնական ապահովման մէջ:

Անկախ այս բոլորէն, եղբայր Մանուէլ Հալլաճեանի Հ.Մ.Ը.Մ.ական վաստակին լաւագոյն արգասիքը հանդիսացած է այն հանգամանքը, որ ան եղած է բազմաթիւ սերունդներու դաստիարակը։

Իր շունչին տակ դաստիարակուող երանելի սերունդներու բախտաւորներէն եղած եմ ես, 1970-1972 տարիներուն, երբ եղբայր Մանուէլը եղած է իմ պատասխանատուն եւ դաստիարակը։ Ճիշդ այդ պատճառով, այսօր ես փափաք յայտնած եմ այդ սերունդի բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն անունով սրտի անկեղծ խօսքս փոխանցել եւ մեծ ակնածանքով հրաժեշտ տալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վաղեմի դաստիարակիս՝ եղբ. Մանուէլ Հալլաճեանին։

Խօսքիս մէջ պիտի ուզէի անդրադառնալ կարեւոր դրուագի մը, որ կ’առնչուի անձնական կեանքիս։ Համեստութեամբ ըսեմ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի ֆութպոլի ներկայացուցչական կազմին մէջ, 1970-1980, եղած եմ կարեւոր աստղ: Այդ օրերուն մեր բոլոր պատասխանատուները կը սիրէին գովաբանել մարզական տաղանդս եւ իւրայատուկ յատկանիշներս, բացի… եղբայր Մանուէլէն, որ միշտ հպարտութեամբ կը խօսէր ուսումնական մարզին մէջ արձանագրած գերազանց նիշերուս մասին: Անշուշտ, ես ձեւով մը շոյուած կը զգայի, սակայն այն ատեն փոքր էի, 17- 18 տարեկան, չէի գիտեր թէ եղբայր Մանուէլ ի՞նչ ի մտի ունէր: Յետոյ, երբ մեծցայ եւ իմ կարգիս դաստիարակ դարձայ, նոր իմացայ, որ եղբայր Մանուէլ օրինակովս սերունդներ կը դաստիարակէր։ Ան կը յորդորէր եւ կը խրախուսէր բոլորին, որ  Հ.Մ.Ը.Մ.ականները  պէտք է միշտ ամէն ինչի մէջ լաւագոյնին ձգտին եւ արժանանան։

Սգակի՛ր ներկաներ, հրաժեշտի այս տխուր պահուն, կ’ուզեմ կատարել հետեւեալ հաստատումները.-

- Սիրելի՛ դաստիարակս, գիտեմ որ հանգիստ մտքով կը մեկնիս այս կեանքէն, որովհետեւ քու կառուցած ընտանեկան օճախդ յանձնած ես վստահելի անձերու, տիկնոջդ՝ Շաքէին եւ այդ բերդի երկու հաւատարիմ պահակներուն՝ Ժանին ու Արային։ Քեզի կը հաւաստիացնեմ, որ այդ օճախին մէջ հաստատած արժէքներդ պիտի մնան հաստատ, կայուն եւ անփոփոխ։

- Ես եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական բոլոր քոյրերդ ու եղբայրներդ կը խոստանանք անշեղ ու անխափան դաստիարակել Հ.Մ.Ը.Մ.ական նորահաս սերունդները, բարոյական, ազգային ու համամարդկային այն արժէքներով, որոնց հաւատացած էիր դուն, որովհետեւ այսօր դժբախտաբար կը նկատենք, թէ օտարամուտ, խորթ, տարօրինակ ու արտառոց  ինչպիսի՛ բարքեր, «արժէքներ» ու գաղափարներ թափանցած են հայրենի մեր երիտասարդութեան մտքերէն ներս։ Այսօր, սիրելի դաստիարակ, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է Հ.Մ.Ը.Մ.ական արժէքներով լիցքաւորել հայ երիտասարդութեան մտքերն ու հոգիները։

Խունկով եւ մոմով կ’աղօթենք, որպէսզի պայծառ ու անբասիր հոգիդ երկնային յաւերժ լոյսերու մէջ ննջէ։

Խոնարհումով եւ յարգանքով հրաժեշտ կ’առնեմ քեզմէ սիրելի՛ դաստիարակս՝ եղբայր Մանուէլ Հալլաճեան։ Քու Բարի եւ լուսաւոր յիշատակդ յաւերժ պիտի մնայ վառ ու անթառամ։

Տարածենք