Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐԸ ԱՂՎԵՐԱՆԻ ՄԷՋ

 

30 եւ 31 Յունուար 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութիւնը Աղվերանի մէջ կազմակերպեց երկօրեայ սեմինար մը՝ այն անդամներուն համար, որոնք անցնող ամիսներուն ժամանակ եւ ճիգ չխնայեցին իրենց մասնակցութիւնը բերելու Արցախեան պատերազմին պատճառով Հայաստան ապաստանած արցախցի ընտանիքներու օժանդակութեան գործին։

Սեմինարը ծառայեց նաեւ կազմակերպութեան հայեացքը նետելու եկող տարեշրջանին՝ գնահատելու իրավիճակը, պարզելով օրուան իրականութիւնը, զարգացնելու յարաբերութիւններ՝ ամրացնելով խմբային աշխատանքը եւ քննարկելու այն հիմնական ուղութիւններն ու միջոցները, որոնք պէտք է նկատի առնուին կազմակերպութեան ծրագիրներուն մէջ:

30 Յունուարը սկսաւ ձիւնելով։ Խորհրդանշական երանգ ստացաւ սեմինարը, իբրեւ փաստ անոր նպատակին անբծութեան: Տեղաւորուելէ եւ տարածքին ծանօթանալէ ետք, օրակարգի առաջին կէտը խմբակային աշխատանքի զարգացման վարժութիւններն էին: Խմբակներու բաժնուելով, իւրաքանչիւր խմբակ կատարեց իրեն տրուած առաջադրանքները, յետոյ քննարկեց աշխատանքին ընթացքը՝ յանգելով եզրակացութիւններու, որոնք օգնեցին անդրադառնալու հաղորդակցութեան, խնդիր լուծելու եւ առաջնորդութեան հմտութիւններու կարեւորութեան՝ խմբակային արդիւնաւէտ աշխատանքներու կազմակերպման մէջ:

Ապա, ճաշի դադարէ ետք, տեղի ունեցաւ քննարկում-բանավէճ՝ կազմակերպութեան դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն շուրջ.-

- Ռազմավարական ուղղութիւն

- Երիտասարդական ծրագիր

- Սկաուտական գործունէութեան վերսկսում մասնաճիւղերու մէջ

- Հաղորդակցութիւն

Իւրաքանչիւր քոյր-եղբայր միացաւ իր նախընտրած թեմայով քննարկման խումբին։ Այնուհետեւ, բոլորին կարծիքները ներառելով՝ աշխատանքի աւարտին խումբերը ներկայացուցին իրենց եզրակացութիւնները:

Այս առիթով խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան։ Քոյրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ քննարկումներու մասնակցութեան համար եւ իր խոր համոզումը յայտնեց կազմակերպութեան յուսալից ապագային համար, որովհետեւ կազմակերպութեան մէջ կը գտնուին առողջ եւ պիտանի երիտասարդներ, որոնք իրենց քննարկումներու եզրակացութիւններով կը ներկայացնեն հայաշունչ տեսլականներ։

31 Յունուարը դարձաւ ձմեռն ու ձիւնը վայելելու օր: Խմբակներ կազմելով՝ բոլորը մասնակցեցան «Ձմրան գանձի որս» մրցումին, որուն նպատակն էր զարգացնել խմբակային պատկանելիութեան զգացումը՝ միասնաբար ձիւնին վրայ կատարելով շարք մը մարտահրաւէրներ: Ձմեռային ամրոց պատրաստելէ մինչեւ Եռագոյնը պարզելով տարածքի բարձրագոյն գագաթին վրայ, բոլորը հաստատեցին, որ խնդիրներու լուծումը դիւրին է, երբ զանոնք կը կատարես գաղափարակից Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբօրդ եւ քրոջդ հետ:

Հուսկ, արդիւնքները յայտարարելէ ետք, սեմինարը վերջ գտաւ խմբային լուսանկարով:

Տարածենք