Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՃԱՏՐԱԿԻ ԿՐՏՍԵՐ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

 

Հալէպի ճատրակի տղոց ախոյեանական մրցաշարքը իր աւարտին հասաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաջողութիւններով։

Արդարեւ, 14 եւ 10 տարեկաններու խմբաւորումներուն մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կրտսեր մարզիկները տիրացան առաջնութեան տիտղոսին, իսկ 12 տարեկան խմբաւորումին մէջ՝ երկրորդութեան դիրքին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջողութիւնները նուաճեցին եղբայրներ Յակոբ Խաչատուրեան (14 տարեկան), Անդրանիկ Գույումճեան (12 տարեկան) եւ Արսէն Գինեան (10 տարեկան)։ Արձանագրուած յաջողութիւնները արդիւնքն էին մարզիկներու հետեւողական փորձերուն, ծնողներու մնայուն աջակցութեան եւ պատասխանատուներու լայն հոգատարութեան։

 

 

 

Տարածենք