ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ԱՌՑԱՆՑ ԽԱՉԲԱՌԸ

 

Ո՞վ չի գիտեր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտը ստեղծագործ է։


Առցանց գործունէութեան օրերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Ժըտէյտէի մասնաճիւղի «Սօսէ Մայրիկ» մասնաճիւղի փաղանգին պարմանուհիները, իրենց խմբապետուհի քոյր Կասիա Էճիտեանին գլխաւորութեամբ, կազմեցին սկաուտական ամենամեծ խաչբառը։


Այս մարտահրաւէրին ընթացքին պարմանուհիները վերապրեցան սկաուտական քաղցր յիշատակներ եւ հաճելի մթնոլորտ, ինչպէս նաեւ՝ զարգացուցին սկաուտական իրենց բառամթերքը։


Իւրայատուկ այս խաչբառին ծանօթանալու համար այցելել մասնաճիւղին դիմատետրի էջին հետեւեալ հասցէն.-
https։//www.facebook.com/275515385962543/posts/1464193793761357/

Ահա՛ թէ ինչպէս կազմուեցաւ սկաուտական ամենամեծ առցանց խաչբառը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ժտէյտէի Մասնաճիւղի «Սօսէ Մայրիկ» Փաղանգի...

Posted by Homenetmen Jdeideh - ՀՄԸՄ Ժտէյտի on Sunday, June 7, 2020

Տարածենք