ՍՈՒՐԷՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

ՍՈՒՐԷՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

ՍՈՒՐԷՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

Եղբ. Սուրէն Նազարեան ծնած է 1923-ին, Խարբերդ։ 1931-ին, ան ծնողքին հետ կը փոխադրուի Հալէպ, ուր փոքր տարիքին կ՚անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Եղբ. Սուրէն աւելի քան կէս դարու ազգային-միութենական ծառայութեան վաստակ մը կը ձգէ իր ետին։ Իբրեւ անխոնջ նուիրեալ, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ին կը ծառայէ, իբրեւ խմբապետ, ընդհանուր խմբապետ, Սկաուտ. Խորհուրդի ներկայացուցիչ, Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ, ատենապետ եւ 1990-1995, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ Ան կը հանդիսանայ մտքի անխոնջ աշխատաւոր մը։ Յուշագրութիւններով եւ յօդուածներով կ՚աշխատակցի հայ մամուլին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթ «Մարզիկ»ին։

Իր վաստակաշտ գործունէութեան համար, 27 Նոյեմբեր 1988-ին ան կը պարգեւատրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։

Տարածենք