ՍԻՄՈՆ ԹԵՐՃԱՆԵԱՆ

ՍԻՄՈՆ ԹԵՐՃԱՆԵԱՆ

ՍԻՄՈՆ ԹԵՐՃԱՆԵԱՆ

Հաւտքով, եռանդով ու ապրումով Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Սիմոն Թերճանեան ծնած է 1896-ին, Կիւրին, ուր ստացած է իր նախնական ուսումը։

1915-ին իր ծննդավայրէն տեղահանուած եւ զինադադարէն ետք ինքզինք գտած է Պոլսոյ որբանոցներուն մէջ։

Եղբ. Սիմոնին երիտասարդ միտքն ու հոգին միաժամանակ կը բացուին հայ ազգային ձգտումներուն եւ նոր հիմնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարախօսութեան։

Սիմոն Թերճանեան կ’ըլլայ Գրիգոր Յակոբեանի առաջին սկաուտներէն, արագօրէն տիրապետելով սկաուտական թեքնիքներու։ Շուտով ան կը ստանայ խմբապետութեան աստիճան։

16 Սեպտեմբեր 1922-ին, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պոլսոյ Կեդրոնական Վարչութիւնը լուծուած կը յայտարարէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը Թուրքիոյ մէջ, երիտասարդ Սիմոնը կը հաստատուի Պուրկաս, Պուլկարիա, ուր ան կը լծուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորակազմ մասնաճիւղի սկաուտական աստիճանաւորական ցանցի ստեղծման։ Կը յառաջացնէ 70 հոգինոց սկաուտական կազմ մը, որ հարաւային Պուլկարիոյ ազգային սկաուտութեան խմբապետ գնդ. Տիմիթրիեւի կողմէ կ’արժանանայ օրինակելի կազմի գնահատանքին։

1928-էն սկսեալ զինք կը գտնենք Սուրիա եւ Լիբանան, ուր նոյն աշխատանքները կը շարունակէ շրջաններու նորակազմ մասնաճիւղերու մօտ, մաս կազմելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի առաջին չորս Շրջանային Վարչութիւններուն (1930, 1931, 1933 եւ 1935)։ Ան կը վարէ Շրջանային Սկաուտ Խմբապետի պաշտօն եւ այդ հանգամանքով ալ կը գործէ քիչ մը ամէն տեղ.- Սուրիա, Լիբանան, Պաղեստին։ Կը գլխաւորէ ընդհանուր բանակումներ, կը մասնակցի միջ-մասնաճիւղային տողանցքներու, կը կազմակերպէ զանազան հանդիսութիւններ եւ սկաուտական թեքնիք աշխատանքներ։ Բազմաթիւ սկաուտ խմբապետներ կը թրծուին իր շունչին տակ, միութեան շարքերուն մէջ հետագային բարձր պաշտօններ ստանձնելու համար։

Եղբ. Սիմոն Թերճանեան 1938-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Թրիփոլի, ուր կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղի սիւներէն մէկը, մինչեւ խոր ծերութիւն մնալով պատնէշի վրայ եւ մինչեւ վերջին շունչը կազմակերպելով բազմազան ճիւղերով գործունէութիւն։

Եղբ. Սիմոն Թերճանեան կը մահանայ 1980-ին։

Տարածենք