ՍԵՒԱԿ ՍԱԳԻՆԵԱՆ

ՍԵՒԱԿ ՍԱԳԻՆԵԱՆ

ՍԵՒԱԿ ՍԱԳԻՆԵԱՆ

Իրանի խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի 23 տարիներու ներկայացուցիչ, ազգային-միութենական, հասարակական գործիչ Սեւակ Սագինեան ծնած է Թեհրան, 22 Սեպտեմբեր, 1922-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայկազեան դպրոցին մէջ, իսկ միջնակարգը Ամերիկեան Քոլէճի առեւտրական ճիւղէն, զոր աւարտած է՝ առաջին հանդիսանալով ամբողջ Իրանի մէջ:

Ապա, զինուորական ծառայութեան մտնելով, ան յաճախած է զինուորական համալսարան եւ ստացած է փոխ հարիւրապետի աստիճան: Զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ ետք՝ յաճախած է Թեհրանի համալսարանը, հետեւելով իրաւաբանութեան-տնտեսագիտութեան ճիւղին, արժանանալով պսակաւորի տիտղոսին:

Սեւակ Սագինեան ուսանողական տարիներուն անդամակցած է Հ.Յ.Դ. Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութիւններուն եւ ապա անցած է Հ.Յ.Դ.ի շարքերը:  Ան իր մասնակցութիւնը բերած է Իրանի հայութեան ազգային-հասարակական կեանքին եւ մարզական ու մշակութային միութիւններու աշխատանքներուն: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ) աշխատանքներուն մէջ: Քանի մը շրջան ընտրուած է Թեհրանի Հայոց Թեմի պատգամաւորական ժողովի պատգամաւոր եւ մասնակցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգային ժողովին, ինչպէս նաեւ՝ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսներու ընտրութիւններուն: Ան մասնակցած է նաեւ Հ.Յ.Դ.ի Ընդհանուր Ժողովներու՝ Գահիրէի եւ Պէյրութի մէջ:

Ընտրուած է Ատրպատականի հայ եւ ասորի համայնքներու պատգամաւոր, իսկ 1956-1979, յաջորդական վեց շրջան՝ Հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր: Իբրեւ պատգամաւոր ան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է հայկական վարժարաններու եւ հայ գիւղացիութեան շահերու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին: Իր ջանքերով Իրանի կառավարութեան յատկացումներով նորոգութիւններ կատարուած են Ս. Թադէի վանքին մէջ եւ սկսած է նոյն վանքին ուխտագնացութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս:

Սեւակ Սագինեանի եւ Ֆելիքս Աղայեանի միասնական ջանքերով ապահովուած է Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանին հողամասը եւ նիւթական որոշ օժանդակութիւն՝ անոր շինարարութեան համար: 1979-ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն հաստատած է Կլենտէյլ: Մ. Նահանգներու մէջ եւս Սագինեան կատարած է ժողովուրդին հանդէպ իր պարտականութիւնները, միշտ մնալով ծանրակշիռ խորհրդատու, հաւասարակշռուած ժողովական, բարեմիտ եւ հեռատես մարդ, յարգուած ու սիրուած ազգային:

1979-1993 տարիներուն ան ստանձնած է նորաստեղծ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին վարիչ-պատասխանատուի պաշտօնը եւ մեծ վստահութիւն ներշնչած է մասնաճիւղին եւ շրջանի հայ համայնքին: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 16-րդ մարզախաղերուն (1991), Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կողմէ ան արժանացած է «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ի տիտղոսին, իսկ 1994-ին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ գնահատուած է միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։

Սեւակ Սագինեան մահացած է 2003-ին։

2018-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը իր կեդրոնատեղիին երկրորդ յարկին վրայ հիմնած թանգարանը կը կոչէ «Սեւակ Սագինեան թանգարան»՝ ի յարգանս եղբօր մեծ վաստակին ու յիշատակին։

Տարածենք