ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով լիբանանահայ գաղութը կերտող եւ մարզական կեանքը ղեկավարող պատմական դէմքերէն մէկն է եղբ. Յովհաննէս Շահինեան։ Ան ծնած է 1901-ին, Սեբաստիա։ 14 տարեկանին, ազգականներուն հետ կը բռնէ բռնագաղթի ճամբան, հայրն ու մայրը կորսնցնելով տարագրութեան ընթացքին։

Շրջան մը ան կը մնայ Համա, Նոխուտեան որբանոցը։ Ապա, հինգ տարի, Համայէն Այնթուրա, Հալէպ, Քիլիս ու Այնթապ, որբանոցէ որբանոց թափառական կեանք մը ապրելէ ետք, 1920-ին կայք կը հաստատէ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցը։

1924-ին, եղբ. Շահինեան կը յաջողի ընդունուիլ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, իբրեւ դեղագործութեան ուսանող։ Նոյն տարին հիմը կը դրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղին՝ ֆութպոլի խումբով մը, որուն առաջին մասնակիցներէն կ՚ըլլայ ան։ Քանի մը տարի ետք կ՚ընտրուի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ։ Յաջորդաբար կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպած ողիմպիական խաղերուն, շահելով ախոյեանական տիտղոսներ։

1929-1932 գործով Պաղեստին մեկնելէ ետք, 1932-ին ան վերջնականապէս կը հաստատուի Լիբանան՝ ցմահ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ծառայելու պատրաստակամութեամբ։ Ան պատնէշի վրայ կը մնայ ամբողջ կէս դար, իբրեւ մարզիկ, մարզական լրագրող, վարչական եւ 1954-1975՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ։ Ան բազմիցս կ՚ընտրուի լիբանանեան մարզական ֆետերասիոններու անդամ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ ընդհանրապէս մարզական կեանքին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար, եղբ. Շահինեան կ՚արժանանայ լիբանանեան պետութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն կարգի շքանշաններուն։

Եղբ. Յովհաննէս Շահինեան կը մահանայ 16 Դեկտեմբեր 1979-ին։

Տարածենք