ՀՐԱՆԴ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

ՀՐԱՆԴ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

ՀՐԱՆԴ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Ամբողջ կեանք մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ անշահախնդիր ոգիով գործած դէմք մըն է եղբ. Հրանդ Մուրատեան։

Ան ծնած է Տիգրանակերտ եւ մանկութիւնը անցուցած է հոն եւ, իբրեւ զաւակը ազգանուէր իր հօր, ճաշակած է Եղեռնի ու անոր յաջորդած տարիներուն տառապանքը՝ մինչեւ Մուրատեան ընտանիքին հաստատուիլը Հալէպ, ուրկէ ան կը փոխադրուի Պէյրութ, իբրեւ առաջին աշակերտներէն մէկը այդ օրերուն նոր հիմնուած Համազգայինի ճեմարանին։ Հոս է, որ մեծ ուսուցիչներ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի շունչով կը մշակուի իր միտքը, կը զօրանայ իր կամքը ու կը թրծուի իր ոգին, իբրեւ նուիրեալը ազգային գաղափարական ծառայութեան։

Եղբ. Հրանդ Մուրատեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը կը մտնէ 1930 թուականին, երբ ուսանող էր Համազգայինի ճեմարանին մէջ։ Ճեմարանը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Հալէպ (1935) եւ Հալէպի մասնաճիւղի վարչութիւնը զինք կը նշանակէ Նոր Գիւղի շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատասխանատու Յանձնախումբի անդամ։

1938-ին ան կը հաստատուի Պէյրութ, ու կը դառնայ Պէյրութի մասնաճիւղի գործունեայ անդամներէն մէկը։ Մարզիկ, յանձնախումբի անդամ, վարչութեան ատենադպիր եւ ատենապետ՝ եռանդով կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպած բոլոր ձեռնարկներուն եւ գործօն դեր կ՚ունենայ Լիբանանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տարածումին եւ ամրապնդումին ի նպաստ։

1954-ին կ՚ընտրուի Շրջանային Վարչութեան անդամ, եւ կը վարէ ատենադպիրի կամ հաշուապահի պաշտօնները։

1971-ին, Լիբանանի կառավարութեան կողմէ կը նշանակուի Պէյրութի Մարզական Աւանի Պատասխանատու Խորհուրդի անդամ։

1972-ի Յունուարին կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ը համագաղութային կազմակերպութեան վերածելու կոչուած եռանդամ մարմնի անդամ։ Այս հանգամանքով ան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Առաջին Պատգամաւորական Ժողովին՝ Պէյրութ։

Եղբ. Հրանդ Մուրատեան կը գործէ շուքի մէջ, մնալով միշտ հեզահամբոյր բնաւորութեամբ այն անձը, որ կը գիտնայ իր կշիռը դնել նժարին մէջ ամէն անգամ որ ժողովական կեանքի ընթացքին իր միջամտութիւնը անհրաժեշտ կ՚ըլլայ։ Իբրեւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ գաղափարական դաշնակցական, ան սերունդներ կ՚առաջնորդէ դէպի զոյգ կազմակերպութիւնները։ Մասնաւորապէս կը քաջալերէ իր երկու կրտսեր եղբայրները՝ Սուրէնն ու Վարուժանը հետեւելու իր վարակիչ օրինակին, իբրեւ ազգանուէր ծառայութեան նուիրեալներ։

Առ ի գնահատանգ միութենական իր երկարամեայ վաստակին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 1981-ին զինք կը պարգեւատրէ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։

Եղբ. Հրանդ կը մահանայ 28 Յունուար 1984-ին։

Տարածենք