ՀԱՅԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

ՀԱՅԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

ՀԱՅԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Եղբ. Հայկ Յովսէփեան կը ծնի Պէյրութ, Լիբանան։ Ծննդավայրի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի նախակրթարանի բաժինը աւարտելէ ետք, արաբերէն լեզուին տիրապետելու նպատակով, երկրորդական ուսումը կը ստանայ «Ռալտա» երկրորդական վարժարանը։ Համալսարանական ուսումը կը ստանայ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը՝ մասնագիտանալով արուեստի ճիւղին մէջ։

Եղբայր Հայկ փոքր տարիքին կ՚անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն եւ հպարտութեամբ կը կրէ անոր տարազը, միշտ հաւատալով այս մեծ կազմակերպութեան «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանին։ Աւելի ուշ, երիտասարդութեան տարիներուն, ան կ՚անդամակցի ՀՅԴ «Զաւարեան» Աշակերտական Միութեան եւ ապա կը փոխանցուի Ուսանողական Միութիւն։ Այնուհետեւ, հայրենիքի ազատութեան հաւատքով ան կ՚անցնի Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը, անոր հաւատարիմ անդամը մնալով մինչեւ վաղահաս մահը՝ 2004։

1976-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, ան կը փոխադրուի Լոս Անճելըս, ուր կը նետուի կեանքի ասպարէզ։

Եղբ. Հայկ կարճ ժամանակ մը ամերիկեան առեւտրական հաստատութեան մը մէջ պաշտօնավարելէ ետք, կը նախաձեռնէ իր սեփական գործին։

Ազգային իր պարտաւորութիւններուն գիտակից, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով ան երկար տարիներ կը ծառայէ իր ժողովուրդին ու հայրենիքին։

Ան անդամ էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին։ Երկար տարիներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային տնտեսական յանձնախումբին մէջ աշխատելէ ետք, 4 շրջան (8 տարի) ան ձեռնհասօրէն կը վարէ Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետի պաշտօնը։ Մեծ ներդրում ունեցած է «Ֆերահեան» Ազգ. վարժարանի զանազան աշխատանքներուն մէջ։

Եղբ. Հայկ կը մահանայ Սեպտեմբեր 2004-ին։

Տարածենք