ԿԱՐՕ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

ԿԱՐՕ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

ԿԱՐՕ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Եղբ. Կարօ Գազանճեան (Ըսթէզ) ծնած է Հալէպ: Նախնական ուսումը կը ստանայ Ժեզուիթներու, ապա՝ Ազգ. Հայկազեան վարժարանին մէջ: Փոքր տարիքին կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին իբրեւ սկաուտ, սակայն յատուկ սէր ունենալով մարզանքի հանդէպ, միութենական իր կեանքը կը շարունակէ իբրեւ մարզիկ, նախընտրելով թեթեւ աթլէթն (վազք) ու ֆութպոլը:

1948-ին, եղբ. Կարօ ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Պէյրութ, Լիբանան, ուր ուսումը կը շարունակէ Ազգ. Ս. Նշան վարժարանին մէջ, իսկ մարզական կեանքը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Մայր Հայաստան» ֆութպոլի երկրորդական խումբին, ապա՝ Ա. խումբին մէջ:

Այնուհետեւ, պասքեթպոլի մարզաձեւ ուղղուելով, եղբ. Կարօ կ’արձանագրէ մեծ յաջողութիւններ եւ կը հրաւիրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի պասքեթպոլի Ա. խումբ, որուն խմբապետը կ’ըլլայ երկար տարիներ: Քանի մը տարուան փայլուն խաղարկութենէ ետք, ան կը հրաւիրուի տեղական, միջ-արաբական եւ այլ երկիրներու մրցումներուն եւ կը ձգէ մեծ տպաւորութիւն:

Պասքեթպոլիա առընթեր, եղբ. Կարօ յաջողութիւններ կ’արձանագրէ վազքի մէջ, որուն համար 1957-ին ան կը հրաւիրուի Լիբանանի ազգային խումբ, ուր կը մարզուի նշանաւոր մարզիչ Իվան Փիսիաքեսի շունչին տակ: Վերջինը նկատելով եղբօր մարզական բարձր կարողութիւնները, զայն կ’անուանէ «Լիբանանի Զաթոփէք»ը, որ այդ օրերուն վազքի աշխարհի ախոյեանն էր:

1972-ին, եղբ. Կարօ Լիբանանի կրթութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ կը վկայուի իբրեւ պասքեթպոլի իրաւարար, իսկ 1982-ին կ’ըլլայ միակ հայն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ականը, որ կ’արժանանայ միջազգային իրաւարարի տիտղոսին:

Հակառակ իրաւաբանութեան մէջ մասնագիտացած ըլլալուն, եղբ. Կարօ կը նախընտրէ մարզական աշխարհը ընտրել իբրեւ կեանքի ասպարէզ: 1961-1989, իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ, ան կը ծառայէ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին, Պէյրութի Հայ Աւետարանական Քոլէճին, Ազգ. Չաթալպաշեան վարժարանին եւ Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլէճին:

Երեք տարի ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ: 1983-ին կ’ամուսնանայ Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլէճի իր պաշտօնակիցներէն Մարօ Թոքաթլեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երկու զաւակով:

1989-ին, եղբ. Կարօ ընտանիքին հետ վերջնականօրէն կը հաստատուի Մ. Նահանգներ եւ երկար տարիներ, իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ, կը պաշտօնավարէ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանին մէջ:

Առ ի գնահատանք իր բեղուն գործունէութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը 2002-ին իրեն կը շնորհէ տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ի տիտղոս:

Եղբ. Կարօ Գազանճեան կը մահանայ 8 Մայիս 2020-ին։

Տարածենք