ԿԱՐՊԻՍ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

ԿԱՐՊԻՍ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

ԿԱՐՊԻՍ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Եղբ. Կարպիս Շխրտըմեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին անդամակցած է 1978-ին։ Նոյն տարին եւ յաջորդող երեք տարիներուն ան նշանակուած է մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդի ատենապետ։ 1981-1984 եղած է վարչական եւ վարած է ատենադպիրի եւ ատենապետի պաշտօններ։

1984-1988, յաջորդական երկու շրջան, ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան եւ վարած է ատենադպիրի պաշտօն։

1996-1998 նշանակուած է Նաւասարդեան կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենադպիր։ 1988-2002 մաս կազմած է Շրջանային դաստիարակչական յանձնախումբին, իբրեւ ատենապետ եւ ապա՝ Շրջանային Վարչութեան կապ։

1998-2002, դարձեալ յաջորդական երկու շրջան, մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան եւ վարած է ատենադպիրի պաշտօն։

1991-ին եւ 1995-ին մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ե. եւ Զ. Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովներուն, որոնց դիւաններուն մէջ վարած է ատենադպիրի պաշտօն։

2007-ին վերադառնալով մասնաճիւղ ընտրուած է վարչութեան անդամ եւ վարած է ատենապետի պաշտօն։

1993-ին, Շրջանային Վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած է «Ծառայութեան» շքանշանով։ Նոյն տարին, մասնաճիւղի 25-ամեակին առիթով, պարգեւատրուած է իբրեւ «Օրինակելի Հ.Մ.Ը.Մ.ական»։ 1982-էն սկսեալ ան մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային ներկայացուցչական բոլոր ժողովներուն, յաճախ վարելով ատենադպիրի պաշտօն։

Նոյեմբեր 2010-ին, անողոք հիւանդութիւնը եղբ. Շխրտըմեանը կանուխ բաժնեց այս աշխարհէն ու Հ.Մ.Ը.Մ.էն։

Եղբ. Կարպիս Շխրտըմեան կը մահանայ 24 Նոյեմբեր 2010-ին։

Տարածենք