ԳԷՈՐԳ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ԳԷՈՐԳ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ԳԷՈՐԳ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանի երախտաշատ դէմքերէն մէկն է եղբ. Գէորգ Կարապետեան։ Ան ծնած է 1941-ին, Հալէպ։ Փոքր տարիքին մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն եւ կը հասնի մինչեւ Վարիչ Առաջնորդի աստիճանին։ Միաժամանակ, ան կը մասնակցի մարզական խաղերու, յատկապէս՝ աթլէթի եւ ֆութպոլի։ Կը կրէ սկաուտական պատուոյ առաջին խումբին ու ապա՝ ներկայացուցչական խումբին շապիկները։ Մաս կը կազմէ նաեւ Հալէպի ֆութպոլի երիտասարդական կազմին։ Կարճ ատեն մը, Դամասկոս զինուորական ծառայութեան շրջանին, ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղի ֆութպոլի Ա. խումբին։

Եղբ. Գէորգ Կարապետեան երկար տարիներ մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի վարչութեան, ապա՝ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան։ Ան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական վեց Ժողովներու եւ 1999-ին, Պատգամաւորական 8-րդ ժողովին, կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։

Եղբ. Գէորգ Կարապետեան կը մահանայ 9 Օգոստոս 2012-ին։ Կ՚արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։

Տարածենք