ԳԱՐԵԳԻՆ ՇԱՄԼԵԱՆ

ԳԱՐԵԳԻՆ ՇԱՄԼԵԱՆ

ԳԱՐԵԳԻՆ ՇԱՄԼԵԱՆ

Մարզիկի, սկաուտի եւ վարչականի կարողութիւնները ներդաշնակօրէն մէկ անձի մէջ խտացուցած եզակի տիպար մըն է եղբ. Գարեգին Շամլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եգիպտոսի ընտանիքին մեծ երախտաւորը։

Եղբ. Գարեգին Շամլեան ծնած է 1903-ին, Ատանա։ 1908-ին, ծնողքին հետ տեղափոխուած է Գահիրէ, Եգիպտոս։

Դեռ պատանի, եղբ. Գարեգին 1915-ին, իբրեւ սկաուտ եւ մարզիկ, կ’անդամակցի «Արարատ» Մարզական Միութեան շարքերուն։ 1914-ին հիմնուած «Արարատ»ը հետագային մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին։

1917-ին, սկատուական շարքերու մէջ ան կը ստանայ տասնապետի աստիճան։ Նոյն տարին, կ’արժանանայ աթլեթիզմի մրցումներու առաջնութեան։ Իբրեւ առաջնակարգ մարզիկ, ան փայլուն արդիւնքներ կ’արձանագրէ 100, 200 եւ 400 մեթր վազքի, նաեւ՝ մէկ քայլ ոստումի եւ արգելարշաւի մրցումներուն։ 1928-ի մարզական խաղերուն ան կը դառնայ ախոյեան։

Խմբային մարզախաղերէն եղբ. Գարեգին կը փայլի ֆութպոլի մէջ։ Եգիպտական շրջանակներու մէջ ան կը ճանչցուի իբրեւ «Ոսկիէ ոտքով» ֆութպոլիստը։ 1920-ին ան կը նշանակուի «Արարատ»ի ֆութպոլի խումբի խմբապետ։ Շրջան մը, չորս հարազատ եղբայրներ մաս կը կազմեն նոյն խումբին։

Եղբ. Գարեգին 1934-ին կը ստանձնէ «Արարատ»ի մէջ վարչական իր առաջին պատասխանատուութիւնը եւ այնուհետեւ մինչեւ 1969՝ Մ. Նահանգներ փոխադրութիւնը, կը գործէ իբրեւ վարչական։ 35 տարուան վարչական իր կեանքին մէջ, ան հիմնականօրէն կը ստանձնէ գանձապահի պաշտօն։

1949-ին, «Արարատ» Մարզական Միութիւնը պաշտօնապէս կը կապուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան եւ անունը կ’ըլլայ «Հ.Մ.Ը.Մ.-Արարատ»։

1955-ին, եղբ. Գարեգին մղիչ ուժերէն մէկը կ’ըլլայ, եւ «Հ.Մ.Ը.Մ.-Արարատ» առաջին անգամ ըլլալով, պասքեթպոլի խումբով, կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի միջ-մասնաճիւղային խաղերուն։ Եղբ. Շամլեան կը հանդիսանայ եգիպտահայ մարզական խաղերու երկար շարքի հաւատաւոր կազմակերպիչներէն մէկը։

1949-ին, եգիպտական շրջանակներ գնահատելով եղբ. Շամլեանի նուիրումը երկրի մարզական շարժումին՝ զինք կը նշանակեն Եգիպտոսի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի անդամ։ Պաշտօն մը, զոր ան կը վարէ մինչեւ 1969, երկրէն մեկնումը։ 1960-ին, իբրեւ եգիպտական պատուիրակութեան անդամ, մարզիչ եւ իրաւարար, ան կը մասնակցի Հռոմի միջազգային ողիմպիականին։

Եղբ. Շամլեան կ’ամուսնանայ եւ կը բախտաւորուի չորս զաւակով՝ Սիրվարդ, Արաքսի, Մեսրոպ եւ Լեւոն։

1969-ին ան կը հաստատուի Արեւելեան Մ. Նահանգներ, ուր միութենական առանձին կառոյց չկար տակաւին։ Հակառակ իր տարիքին, 1976-ին, ան կը հրաւիրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի եւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու շրջանի չորրորդ Ներկայացուցչական ժողովին։ 1978-ին, Մոնթրէալի մէջ ան կը ստանձնէ Գանատայի եւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու միջ-մասնաճիւղային խաղերուն նախագահութիւնը։ 1981-ին, եբրեւ «հովանաւորող ազգային», ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին մարզախաղերուն, Գանատա։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը մեծապէս գնահատելով եղբօր երկարամեայ ծառայութիւնը միութեան՝ 31 Յուլիս 1983-ին զայն կը պարգեւատրէ «Արժանեաց» շքանշանով։

Եղբ. Գարեգին Շամլեան կը մահանայ 10 Նոյեմբեր 1984-ին։

Տարածենք