ԱՐՇԱԿ ԳՈԼԸՍՏԸՆ

ԱՐՇԱԿ ԳՈԼԸՍՏԸՆ

ԱՐՇԱԿ ԳՈԼԸՍՏԸՆ

Ազգային բարերար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանակիր Արշակ Գոլըստըն ծնած է Իրանի Չարմահալ գաւառի Լիւասիան գիւղը, 16 Փետրուար 1912-ին: Ան եղած է ընտանիքի երիցագոյն զաւակներէն մէկը, ունենալով երեք եղբայր եւ երկու քոյր:

Արշակ Գոլըստընի կեանքը անցած է մեծ վերիվայրումներով ու դժուարութիւններով։ Տակաւին մանուկ՝ ութ տարեկան, վեց ամիս հօրը մօտ Պասրա քաղաքը անցընելէ ետք, ան կը ղրկուի Հնդկաստանի Մարդասիրական Ճեմարանը (Կալկաթա), իբրեւ գիշերօթիկի աշակերտ:

Ճեմարանի կրթական մթնոլորտին մէջ, ուսման կողքին կը կերտուի իսկական մարդը Գոլըստընի մէջ: Ան եղած է փայլուն աշակերտ ու յարգուած մարզիկ եւ առաջնութիւններ խլած է կրթական եւ մարզական կեանքի ընթացքին:

Ճեմարանական կեանքի աւարտէն ետք, ան տիրացած է համալսարանական ուսման, միաժամանակ շրջան մը զբաղած է ուսուցչութեամբ: Եղած է նաեւ հայկական մարզական ակումբին քարտուղարը:

1937-ին, Սինկափուրի մէջ աշխատած է «Էտկար» առեւտրական ընկերութեան մէջ:

Բ. Աշխարհամարտին Արշակ Գոլըստըն մաս կազմած է կամաւորական գունդերու եւ ռմբակոծումներու ընթացքին վիրաւորուած է եւ գերի բռնուելով երեքուկէս տարի ապրած է տարագրութեան մէջ:

1945-ին, գերութենէ ազատելէ ետք, նաւով ուղեւորութիւն մը ունեցած է դէպի Անգլիա եւ ապա վերադարձած ու վերահաստատուած է Սինկափուր, ուր կարգ մը ընկերութիւններու մէջ աշխատելէ ետք, 1957-ին ան հաստատած է իր առեւտրական անձնական գործը։ Նոյն տարին, Կալկաթայի մէջ ամուսնացած է իր կեանքի ընկերուհիին՝ Սոֆիին հետ:

Իր ստեղծած ընկերութիւնը արագօրէն բարգաւաճած է եւ Արշակ Գոլըստըն առեւտրական գործերու մէջ հասած է մեծ յաջողութիւններու:

1980-ական թուականներուն Գոլըստըն հաստատուած է Սիտնի:

Իր բարեսիրական կեցուածքին ու հայրենանուէր ոգիին շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իրեն շնորհած է Կիլիկեան Իշխանի շքանշան։ Աւելի ուշ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. իրեն շնորհած է Կաթողիկոսական Կոնդակ:

Կենսագրական այս հարուստ անցեալին կողքին, Արշակ Գոլըստըն իր առաջին պարտականութիւնը նկատած է առատաձեռնօրէն տալ իր ազգին եւ անոր միութենական կառոյցներուն։

Արշակ Գոլըստըն իր քսակը լայն կը բանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի զանազան կարիքներուն եւ 12 Դեկտեմբեր 2002-ին կ’արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին։

Երբ Աւստրալիոյ մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարանի մը կարիքը կը զգացուի, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը կը դիմէ Արշակ Գոլըստընին՝ խնդրելով որ իր նիւթական ներդրումը ունենայ դպրոցի մը կառուցման: Գոլըստըն սիրով կ’ընդառաջէ դիմումին եւ աւելի քան երկու միլիոն տոլարով կը մասնակցի Ճեմարանի շինութեան ծախսերուն։ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը 20 Մարտ 2003-ին զայն կը պատուէ Համազգայինի շքանշանով:

Արշակ Գոլըստըն կը մահանայ 9 Օգոստոս, 2008-ին, Սիտնիի մէջ:

Տարածենք