ԱՐՄԷՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ

ԱՐՄԷՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ

ԱՐՄԷՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ

Եղբ. Արմէն Տէյիրմէնճեան ծնած է 1937-ին, Պէյրութ, Լեւոն եւ Արաքսի Տէյիրմէնճեաններու ընտանեկան յարկին տակ։ Ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի սկաուտական շարքերուն կ’անդամակցի 1943-ին։

Աւելի ուշ, եղբ. Արմէն կը տեղափոխուի Արեւմտեան Մ. Նահանգներ եւ եւ մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, որուն յաջորդական վարչական կազմերուն մաս կը կազմէ 1970-1974։

1974-ին, եղբ. Արմէն կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանի հիմնադիր Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովին եւ կ’ընտրուի անդրանիկ Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ ատենադպիրի պաշտօնով։ Դեկտեմբերին, ան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդրանիկ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ 1974-1979։ Երկրորդ շրջանի մը համար ան կը վերընտրուի՝ 1979-1983։

Եղբ. Արմէն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքներուն եւ կ’արժանանայ համապատասխան գնահատագիրի։

Եղբ. Արմէն Տէյիրմէնճեան կը մահանայ 2015-ին։

Տարածենք