ԱՌԱՔԵԼ ԹԵՐԶԵԱՆ

ԱՌԱՔԵԼ ԹԵՐԶԵԱՆ

ԱՌԱՔԵԼ ԹԵՐԶԵԱՆ

Եղբ. Առաքել Թերզեան ծնած է 1927-ին, Հալէպ։ Ան յաճախած է Ազգ. Զաւարեան Վարժարան։ 11 տարեկանին անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն, իբրեւ Նորընծայ սկաուտ։ Ապա, փոխանցուած է երէցական շարքեր։ Նոյն շրջանին, ան մաս կազմած է ֆութպոլի սկաուտական խումբին։

Եղբ. Առաքել Հ.Մ.Ը.Մ.ին ծառայած է շուրջ 40 տարի։ Ան կազմած է «Կամք» ֆութպոլի խումբը եւ եղած է խումբին բերդապահը։ Մասնակցած է նաեւ միջ-մասնաճիւղային խաղերու եւ խլած է 1500 մեթր վազքի առաջնութիւնը։

2003-ին, եղբ. Առաքել պարգեւատրուած է միութեան «Արտակարգ» շքանշանով։

Բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Առաքել եղած է հաւատաւոր Դաշնակցական եւ նուիրեալ կուսակցական։ Բերիոյ հայոց թեմին մէջ ան ստանձնած է բազմաթիւ պաշտօններ. եղած է քաղաքական եւ գաւառական ժողովներու անդամ, կալուածոց եւ դատաստանական խորհուրդներու անդամ։ 2009-ին ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսէն պարգեւատրուած է «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով։  

Եղբ. Առաքել կը մահանայ 6 Դեկտեմբեր 2013-ին։

Տարածենք