ԱՆԻ ՃԷՐԷՃԵԱՆ-ՏՕՆԻԿԵԱՆ

ԱՆԻ ՃԷՐԷՃԵԱՆ-ՏՕՆԻԿԵԱՆ

ԱՆԻ ՃԷՐԷՃԵԱՆ-ՏՕՆԻԿԵԱՆ

Քոյր Անի Ճէրէճեան-Տօնիկեան 1970-ական թուականներէն եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի անդամ։ 1974-ին ան փոխանցուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ժըտէյտէի մասնաճիւղ եւ ստանձնած է մասնաճիւղին գլխաւոր պատասխանատուութիւնը։

1980-ական թուականներուն քոյր Անի Լիբանանի Շրջանային Խմբապետուհին է։ 1986-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Գ. բանակումին ան Լիբանանի պատուիրակութեան խմբապետուհին է։

Ան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի անդամ եւ ատենապետ։

Քոյր Անի տիպար ժողովական էր։ Միշտ քրոջական մօտեցում կը ցուցաբերէր իրմէ ստորադաս աստիճանաւորներուն հանդէպ։ Հանդարտ ու ժպտուն՝ ան համբերութեամբ կը լսէր բոլորը, փորձելով յարմար խորհուրդներ եւ ճիշդ ուղղութիւններ տալ անոնց։ Անշահախնդիր էր ան եւ անկեղծ բարեկամ բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած են զայն։

Քոյր Անի Ճէրէճեան-Տօնիկեան կանխահաս կերպով հեռացաւ իր սիրելի Հ.Մ.Ը.Մ.էն եւ սկաուտներէն։ Ան մահացաւ 5 Մարտ 2000-ին։

Տարածենք