ԱԲՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

ԱԲՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

ԱԲՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ական ֆութպոլի փառքի օրերը կերտած տիտաններէն է «Մեծ Աբօ»ն կամ Աբօ Գասապեանը, որուն բովանդակ կեանքը եղած է ամբողջական նուիրաբերում իր սիրած մարզախաղին՝ ֆութպոլին եւ իր պաշտած միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Եղբ. Աբօ Գասապեանը ծնած է 1937-ին, Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա թաղամաս։ Ան միութեան անդամակցած է փոքր տարիքէն` իբրեւ ֆութպոլի խումբի մարզիկ եւ խմբապետ: 1954-1976, եղբ. Աբօ մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին, որուն հետ Լիբանանի ախոյեանութիւնը նուաճած է 1963-ին եւ 1969-ին, իսկ բաժակը՝ 1962-ին։ 1970-ին, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբին հետ Լիբանանը ներկայացուցած է Ասիոյ ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան, Թեհրանի մէջ։ Օրին, խումբը գրաւած է ախոյեանութեան երրորդ դիրքը՝ մերժելով խաղալ Իսրայէլի խումբին դէմ։

Եղբ. Աբօ Գասապեան մաս կազմած է նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին` իբրեւ խմբապետ եւ մասնակցած է բազմաթիւ մրցումներու` Եւրոպայի, արաբական աշխարհի եւ Ճափոնի մէջ, խումբին ապահովելով պատուաբեր արդիւնքներ:

Իբրեւ տիպար մարզիկ, եղբ. Աբօ Գասապեան ընտրուած է Ասիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստ: Եղած է նաեւ փինկ-փոնկի մարզիկ:

Աւելի ուշ, եղբայր Աբօ սիրով ստանձնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկրորդական եւ կրտսեր խումբերու վերակազմութիւնը եւ կատարած է ապագայ մարզիկներու պատրաստութեան երախտաշատ աշխատանք: Եղած է ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի մարզիչ եւ թեքնիք պատասխանատու` միշտ շեշտելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը պարտութիւն չի ճանչնար, ուստի ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել, որպէսզի մարզական խումբերը պատուաբեր եւ միութեան վայել յաղթանակներ արձանագրեն:

Մարզական կեանքին իր ունեցած յատկանշական ներդրումին կողքին, եղբ. Աբօ Գասապեան երկար տարիներ մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ֆութպոլի Շրջանային յանձնախումբին։ Եղած է նաեւ խումբի մարզիչ եւ պատասխանատու` միշտ մերժելով նիւթական որեւէ վարձատրութիւն:

Միութեան մէջ իր ունեցած նուիրեալ գործունէութեան համար, ան արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանին:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նկատմամբ իր նուիրումն ու սէրը ան փոխանցած է իր երեք զաւակներուն:

Եղբ. Աբօ Գասապեան մահացաւ 28 Դեկտեմբեր 2018-ին, իր ետին ձգելով համեստ մարդու, տիպար եւ առաքինի Հ.Մ.Ը.Մ.ականի յիշատակելի անուն` թէ՛ իբրեւ փայլուն մարզիկ եւ տքնաջան մարզիչ եւ թէ՛ իբրեւ նուիրեալ վարչական եւ հաւատաւոր ու անշահախնդիր Հ.Մ.Ը.Մ.ական:

Տարածենք