Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ԿԸ ՆՇԷ«ՄԱՐԶԻԿ»Ի 35-ԱՄԵԱԿԸ
ՄԱՐԶԻԿ (Վիեննա)- 10 Դեկտեմբեր 2016-ին, Վիեննայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի մասնաճիւղը արժանավայել կերպով նշեց միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի հիմնադրութեան 35-ամեակը:
Սկաուտները շքերթով սրահ մուտք գործելէ ետք, Հայաստանի քայլերգով հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ: Ապա, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին յիշատակը վերջերս մահացած, վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, Շար...