ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ Ա. ԱՌՑԱՆՑ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան մարզական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 4 Հոկտեմբեր-24 Դեկտեմբեր 2021 տեղի ունեցան միութեան Ա. առցանց մարզախաղերը՝ պասքեթպոլ (անհատական, խմբային), ֆութպոլ (անհատական), լող եւ աթլէթ։

Առցանց մարզախաղերուն համար նկատի առնուեցան տարիքային հետեւեալ խմբաւորումները․-

21 տարեկան եւ վեր (Ծնած 30 Սեպտեմբեր 2001-ին կամ առաջ)

20 տարեկանէն վար (Ծնած 1 Հոկտեմբեր 2001-ին կամ ետք)

18 տարեկանէն վար (Ծնած 1 Հոկտեմբեր 2003-ին կամ ետք)

16 տարեկանէն վար (Ծնած 1 Հոկտեմբեր 2005-ին կամ ետք)

14 տարեկանէն վար (Ծնած 1 Հոկտեմբեր 2007-ին կամ ետք)

 

ԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ԵՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԸ

Իւրաքանչիւր շրջանի մէջ մարզախաղերը կազմակերպուեցան ֆիզիքական ձեւով՝ Շրջանային կամ Մեկուսի վարչութիւններու կողմէ, նկատի ունենալով առցանց մարզախաղերուն համար մշակուած յատուկ օրէնքները եւ յարգելով քորոնայի առողջապահական տեղական արգելափակումները։

Առցանց մարզախաղերուն արտօնուեցաւ մասնակցիլ բոլոր մարզաձեւերով կամ միայն շրջանէն ներս կիրարկուող մարզաձեւով։

Մասնակցութեան արդիւնքները տեսերիզի միջոցով իւրաքանչիւր շրջանի մարզական ներկայացուցիչին կողմէ առցանց փոխանցուեցան Կեդրոնական Վարչութեան մարզական յանձնախումբին։ Տեսերիզներուն փոխանցումը կատարուեցաւ Google Drive-ով եւ կամ ե-նամակով՝ մարզական յանձնախումբին կապուելով` 11th-Games@homenetmen.org հասցէով, Google Drive-ի արտօնութիւն ստանալու համար:

Իւրաքանչիւր շրջան ներկայացուց իւրաքանչիւր դասակարգի եւ մարզաձեւի իր երեք լաւագոյն արդիւնքները:

Տեղեկութիւնները փոխանցուեցան իւրաքանչիւր շրջանի յատուկ folder-ի մը մէջ։

Շրջանները իրաւունք ունեցան տեսնելու միայն իրենց շրջանին եւ մարզական յանձնախումբին կողմէ տեղադրուած տեղեկութիւնները:

Առցանց մարզախաղերու համար մարզական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած օրէնքներու եւ կանոներու տեսերիզներն ու գրքոյկները տեղադրուեցան Google Drive-ի վրայ։

 

ԽԱՂԵՐՈՒ ՕՐԷՆՔՆԵՐԸ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աթլէթի եւ լողի մրցումներուն համար թելադրուեցաւ ելեկտրոնիկ ժամացոյց մը։

Յանձնախումբը ընդունեց տուեալ երկրի մը մարզական ֆետերասիոնին կամ sanctioning body-ին կողմէ փոխանցուած արդիւնքներուն պաշտօնական ժամանակը։

Մրցումներուն արդիւնքները ներկայացուեցան տպագրուած օրինաւոր թուղթով (Scan ընելով, նկարելով եւ ղրկելով)։ Համացանցի վրայ տեղ գտած արդիւնքներուն կապերը փոխանցուեցան համապատասխան կերպով։

Իւրաքանչիւր մարզաձեւի համար ճշդուեցան ժամանակի յատուկ օրէնքներ։

Բազմափուլ մարզաձեւերուն (լող եւ աթլէթ) բաժնուած ժամանակը եւս փոխանցուեցաւ: Այս իմաստով, իւրաքանչիւր տեսերիզ ներկայացուց տուեալ մրցումին սկիզբը, վերջաւորութիւնը, եւ վերջին փուլին ժամանակը։ Բաժնուած ժամանակը ցոյց տուաւ իւրաքանչիւր փուլին արձանագրուած ժամանակը: Բաժնուած ժամանակը ներկայացուեցաւ ե-նամակով կամ թուղթով՝ համապատասխան տեսերիզի ներկայացման հետ:

Մրցանքին արդիւնքները կը յայտարարուին 11 Յունուար 2022-ին։

Տարածենք