ՎԱՉԷ ՌՈՍՏՈՄԵԱՆ

ՎԱՉԷ ՌՈՍՏՈՄԵԱՆ

ՎԱՉԷ ՌՈՍՏՈՄԵԱՆ

Արցախեան պահանջատիրութեան նուիրեալ սերունդի ներկայացուցիչներէն է եղբ. Վաչէ Ռոստոմեանը, որ ծնած է 1961-ին, Արմաւիրի մարզի Կրիբոյետով գիւղը։ Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ական շարժումի ստեղծումէն անմիջապէս ետք, ան մաս կազմած է միութեան եւ «Միշտ պատրա՛ստ» նշանաբանով եղած է Արցախեան պայքարի առաջին գիծերուն վրայ։

Շուշիի առանձնակի գումարտակին հետ, եղբ. Վաչէ մասնակցած է բազմաթիւ կռիւներու եւ իր զինակից ու գաղափարակից եղբ. Վարդան Բախշեանի եւ Գագիկ Գրիգորեանի հետ նահատակուած է 16 Դեկտեմբեր 1991-ին, Հասանապատի ազատագրման կռիւներուն։

Եղբ. Վաչէի անունով կը կոչուին Կրիբոյետովի միջնակարգ վարժարանը, տեղւոյն Հ.Յ.Դ. Կոմիտէն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի նորաբաց գրասենեակը։

Տարածենք