ՄՈՍԻԿ ՍԵՔԼԵՄԵԱՆ

ՄՈՍԻԿ ՍԵՔԼԵՄԵԱՆ

ՄՈՍԻԿ ՍԵՔԼԵՄԵԱՆ

Արցախեան նորագոյն պատերազմի նահատակ եղբ. Մոսիկ Սեքլեմեան ծնած է Հալէպ, 2 Դեկտեմբեր 1992-ին։ Կրթութիւնը ստացած է Ս. Չեմպէրճեան Կրթասիրաց վարժարանին մէջ։ Փոքր տարիքէն ան անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նոր Գիւղի գայլիկական միաւորին։ Պատանեկան տարիքէն մաս կազմած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի ֆութպոլի խումբին եւ, իբրեւ դարպասապահ, մասնակցած է բազմաթիւ մրցաշարքներու։

Եղբ. Մոսիկ անդամակցած է նաեւ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան եւ ապա՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն, խոստանալով «Եթէ հարկ ըլլայ արեան գնով» տէ՛ր կանգնիլ այն բոլոր արժէքներուն, որոնք ազգն ու հայրենիքը կը պահեն։ Առ այդ, ան իր մասնակցութիւնը բերած է Հալէպի հայաշատ թաղամասներու պաշտպանութեան եւ մարդասիրական օժանդակութեան աշխատանքներուն։

Արցախեան նորագոյն պատերազմին բռնկումէն կարճ ատեն մը ետք, հողին կանչին ընդառաջելով, իբրեւ «Դաշնակցութեան մարտիկ, ազգի քաջ զինուոր», եղբ. Մոսիկ կը մեկնի հայրենիք եւ 5 Նոյեմբեր 2020-ին, Շուշիի պաշտպանութեան կռիւներուն, անձնուիրաբար կը զոհուի թշնամիի հարուածէն։

Ան իր վերջին հանգիստը կը գտնէ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ, 19 Նոյեմբեր 2020-ին։ Յետ նահատակութեան, հայրենի պետութիւնը զայն կը պարգեւատրէ «Արիութեան» մետալով։

Տարածենք