ՀԱՅԿ ԴԵՐԻԿԼԵԱՆ

ՀԱՅԿ ԴԵՐԻԿԼԵԱՆ

ՀԱՅԿ ԴԵՐԻԿԼԵԱՆ

Արցախեան երկրորդ պատերազմի նահատակ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի «Գրիգոր Յակոբեան» մասնաճիւղի սկաուտ եղբ. Հայկ Դերիկլեան ծնած է 30 Յունուար 2002-ին, Երեւան։ Կրթութիւնը ստացած է թիւ 47 միջնակարգ դպրոցին մէջ։ 11 տարեկանէն եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտ։

6 Յուլիս 2020-ին եղբ. Հայկ կը զօրակոչուի հայկական բանակ եւ կը ծառայէ Արցախի Հանրապետութեան Ջրականի (Ջեբրայիլ) զօրամասին մէջ։ Հազիւ երկու ամսուան ծառայող, ան սեփական մաշկին վրայ կը զգայ պատերազմի սարսափը։ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին ծայր տուած պատերազմին ան կը ցուցաբերէ մեծ արիութիւն։

Ազնիւ, ընկերասէր, բարի, օգնող, ներող եւ միշտ ուրիշներուն օգնութեան հասնող սարիթաղցի Հայկոն՝ եղբ. Հայկը պատերազմին կը փրկէ քանի մը ընկերներու կեանքեր։ Ընտանիքը Հայկէն վերջին անգամ լուր կը ստանայ 8 Հոկտեմբերին։

Արցախեան պատերազմի ամէնէն թէժ հանգրուանին, եղբ. Հայկ հրաման կը ստանայ նահանջելու, չի նահանջեր, մինչեւ վերջ կը պայքարի իր դիրքը չյանձնելու համար եւ քաջաբար կը զոհուի 10 Հոկտեմբեր 2020-ին։

23 օրուան լռութենէ ետք, եղբ. Հայկին նահատակութիւնը կը յայտնուի, երբ հայկական կողմին փոխանցուած 30 նահատակ զինուորներէն Հայկին հայրը կը ճանչնայ հարազատ զաւակը։

Տարածենք