ԼԵՒՈՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ԼԵՒՈՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ԼԵՒՈՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ական պասքեթպոլի փառքի օրերը կերտած փայլուն սերունդի ներկայացուցիչներէն է եղբ. Լեւոն Պէրպէրեան։

Ան ծնած է 1927-ին, Պէյրութ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ եղած է գայլիկ եւ սկաուտ։ Երկար տարիներ մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի պասքեթպոլի տղոց առաջին խումբին՝ ըլլալով սիրուած ու փնտռուած մարզիկը բոլորին, միութեան ապահովելով Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսը։ Ան տիպարն էր միութեան կրտսերներուն եւ խանդավառողն էր իր շրջապատին։

Եղբ. Լեւոն ամբողջականօրէն նուիրուած էր հանրային-հասարակական աշխատանքներու։ Անդամ էր Համազգայինի յաջորդական Կեդրոնական Վարչութիւններու։ Իբրեւ հաւատաւոր դաշնակցական, ան ստանձնած է կուսակցական բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ։ Եղած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ լիբանանեան պատերազմի ամէնէն դժնդակ պահերուն գտնուած է պատնէշի վրայ, գործօն մասնակցութիւն բերելով հայութեան ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներուն եւ մարտնչումներուն։

Իր հեզ ու ընկերական բնաւորութեամբ, իր ծառայասէր ոգիով եւ «Միշտ պատրա՛ստ» ըլլալու օրինակով, եղբ. Լեւոն տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական մըն էր, որ Իր հեզ ու ընկերական բնաւորութեամբ, իր ծառայասէր ոգիով եւ «Միշտ պատրա՛ստ» ըլլալու օրինակով, եղբ. Լեւոն տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական մըն էր, որ 31 Յունուար 1986-ին, Վարդգէս Տէր Կարապետեանի եւ Ներսէս Խիւտավերտեանի հետ, Պէյրութի մէջ զոհ կ’երթայ հայութեան թշնամիներու անարգ ոճիրին։

Տարածենք