ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Արցախեան երկրորդ պատերազմի նահատակ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղի սկաուտ եղբ. Գրիգոր Ղազարեան ծնած է 2001-ին, Երեւան: Ապրիլ 2012-ին ան կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղի սկաուտական «Աղթամար» խումբին:

2019-ին եղբ. Գրիգոր կը զօրակոչուի հայկական բանակ: Ծառայութիւնը կը կատարէ հակաօդային պաշտպանութեան զօրքին մէջ: 2020-ի Արցախեան պատերազմի առաջին օրէն ան կը մեկնի առաջնագիծ:

Սկաուտական իր երդումին հաւատարիմ, եղբ. Գրիգոր իր ամէնէն թանկագինը՝ իր սեփական կեանքը կ’ընծայաբերէ հայրենիքի բագինին եւ կ’երթայ միանալու մեր անմահներու փաղանգին։ Իր օրինակելի կեանքով եւ սրբազան նահատակութեամբ ան կը դառնայ ներշնչման աղբիւր՝ գալիք սերունդներուն։

Եղբ. Գրիգոր Ղազարեան կը նահատակուի 30 Սեպտեմբեր 2020-ի բուռն մարտերուն ընթացքին: Յետ-մահու ան կը պարգեւատրուի «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:

Տարածենք