ԱՐՏԱԿ ԻՇԽԱՆԵԱՆ

ԱՐՏԱԿ ԻՇԽԱՆԵԱՆ

ԱՐՏԱԿ ԻՇԽԱՆԵԱՆ

Արցախեան երկրորդ պատերազմի նահատակ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամ եղբ. Արտակ Իշխանեան ծնած է 3 Յուլիս 1993-ին, Մարտունիի Աշան գիւղը: Փոքր տարիքէն ան կ’անդամակցի Հ.Յ.Դ. Արցախի Պատանեկան Միութեան, ապա մաս կը կազմէ Արցախի Երիտասարդական Միութեան, հուսկ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն: Օգոստոս 2019-ին, Արցախի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի հիմնադրութեամբ, ան մաս կը կազմէ մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան։

Խիզախ ու խրոխտ նկարագիրով եղբ. Արտակ 2020-ի Արցախեան պատերազմի առաջին օրէն կամաւոր կերպով կը մեկնի առաջնագիծ, իբրեւ հրետանաւոր: Ան կը հանդիսանայ հարազատ արտայայտիչը իր ժողովուրդի գոյատեւման կամքին եւ առանց զիջելու զարգանալու վճռականութեան։ Ան կը մերժէ իր երկրին ու անոր արեւուն տակ թշնամիին ներկայութիւնը եւ հրաժեշտ կու տայ կանուխ՝ սեփական արեամբ սրբացնելէ ետք իր պաշտած հայրենի հողը։

Եղբ. Արտակ Իշխանեան կը նահատակուի 31 Հոկտեմբեր 2020-ին, Մարտունիի բուռն մարտերուն ընթացքին: Յետ-մահու ան կը պարգեւատրուի «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանով։

Տարածենք