ՍՏԵՓԱՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

ՍՏԵՓԱՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

ՍՏԵՓԱՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

Պոլիսէն հեռու գտնուելով՝ Ստեփան Խանճեանի անունը ընդհանրացած չէ, իբրեւ մարզական առաջնորդ։ Այուսհանդերձ, Խանճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատրաստուած վարիչներէն մէկն էր, ունէր յարատեւելու կամք, կանոնաւոր աշխատանքի ոճ, գործի բծախնդրութիւն եւ առողջ ոգի։

Խանճեան աւարտած է Լիոնի ակադեմիան ու անցած է Աղեքսանդրիա, իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ Պօղոսեան վարժարանի եւ ֆրանսական քոլէճի։ Այնտեղ իր գործունէութիւնը մեծապէս գնահատուած է։ Խանճեան հիմնադիր-վարիչը եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աղեքսանդրիոյ «Կամք» մարմնամարզական միութեան։

Տարածենք