Յ. Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻ

Յ. Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻ

Յ. Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻ

Յ. Ճ. Սիրունի (Յակոբ Ճոլոլեան) եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն։ Ծնած է 1890-ին, Ատափազար։ Անձնապէս մարզանքի հանդէպ մեծ սէր չէ ունեցած, բայց հայ մարզական շարժումը ոչ միայն մօտիկ ընդունած է իր սրտին, այլեւ՝ զօրավիգ կանգնած է անոր։

Փետրուար 1911-ին հիմնուած «Մարմնամարզ» թերթի հրատարակութիւնը Շաւարշ Քրիսեանին թելադրողը եղած է ան։

1922-ին, Պոլսոյ քաղաքական ծանօթ դէպքերուն պատճառով, Սիրունի կը մեկնի Ռումանիա։ 1923 Սեպտեմբեր 30-ին ան կ'ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ռումանիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ։ 1924 Փետրուար 1-ին լոյս կը տեսնէ «Արի» ամսաթերթը, խմբագրութեամբ Սիրունիի։ Թերթը կը հրատարակուի երեք տարի, որմէ ետք կը դադրի, երբ Ֆիլիպէի (Պուլկարիա) մէջ կը սկսի հրատարակուիլ «Հ.Մ.Ը.Մ.»ը, իբրեւ Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ շրջաններու պաշտօնաթերթ։ 1924-ի Բ. Շրջանային Ժողովը, որ այս անգամ Քոսթանցայի մէջ կը գումարուի, Սիրունին կրկին կ'ընտրէ Ռումանիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ ատենապետ։

1925-ի Յուլիս 18-22-ին Պուքրէշի մէջ տեղի կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գ. Շրջանային Ժողովը, ուր Սիրունին անգամ մը եւս կ'ընտրուի Ռումանիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ ատենապետ։

Սիրունիի օրով է, որ 1926 Սեպտեմբեր 4-ին տեղի կ'ունենայ հայկական Գ. ողիմպիականը, մարմնակրթութեան ազգային հաստատութեան ստադիոնին մէջ։

1926 Սեպտեմբեր 5-7-ին տեղի կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ռումանիոյ Դ. Շրջանային Ժողովը, ուր Սիրունին կը վերընտրուի ատենապետ։ 1926-ի Նոյեմբեր 21-ին տեղի կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ Շրջանային Վարչութիւններուն խորհրդաժողովը, չորսական լիազօրներու մասնակցութեամբ։ Այս խորհրդաժողովին կը ճշդուին համագործակցութեան հիմերը եւ որոշումներ կը տրուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնական մարմնի մը ստեղծման։ Կը կազմուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի առժամեայ Կեդրոնական Յանձնախումբ մը, որուն անդամ կ'ընտրուին Ռումանիայէն տոքթ. Սալբի, Գրիգոր Յակոբեան եւ Սիրունի։ Իսկ Պուլկարիայէն՝ տոքթ. Թովմասեան, Թագւոր Թագւորեան եւ Կարօ Ղազարոսեան. փոխ անդամներ՝ Ներսէս Աստուածատուրեան եւ Լեւոն Գազանճեան։

1927 Սեպտեմբեր 4-ին, Սիրունիի գլխաւորութեամբ, Ռումանիոյ Շրջանային Վարչութիւնը կը կազմակերպէ Շիրակի աղէտեալներուն օժանդակութեան գործը։

1928-ին, Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Սիրունի Ֆիլիպէի մէջ կը բանայ սննդակայան մը, Պուլկարիոյ երկրաշարժի աղէտեալներուն օգնելու համար։

Այսպէս, Սիրունի մինչեւ վերջ կապուած կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, մեծ եռանդով աշխատելով անոր ծաւալման եւ զարգացման համար, անոր միջոցով ծառայելով իր ժողովուրդին։

Բ. Աշխարհամարտին, Սիրունի համայնավարներու կողմէ կ'աքսորուի Սիպերիա եւ 12 տարուան տաժանակիր աշխատանքէ ետք ազատ կ'արձակուի եւ շրջան մը կ'անցնի Պուլկարիա, ապա կը վերադառնայ Ռումանիա։

Ան կը մահանայ 7 Ապրիլ 1973-ին, Պուքրէշ։

Տարածենք