ՀԱՅԿ ՃՈԼՈԼԵԱՆ

ՀԱՅԿ ՃՈԼՈԼԵԱՆ

ՀԱՅԿ ՃՈԼՈԼԵԱՆ

Ծնած է 1893-ին, Ատափազար։ Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Եսայեան, Կեդրոնական եւ Արդի վարժարաններուն մէջ։ Փոքր տարիքէն նուիրուած է մարզական կեանքին։ Հետեւած է մասնաւորաբար ֆութպոլի եւ դաշտային խաղերուն։ Եղած է «Արաքս»ի եւ «Տորք»ի եռանդուն անդամներէն։ Մասնակցած է նախաեղեռնեան հայկական ողիմպիականներուն։ Արդի վարժարանի մէջ կազմած է «Արարատ» ֆութպոլի խումբը։ 1914-ին գացած է Կարին՝ խճուղիներու շինութեամբ զբաղող ֆրանսական ընկերութեան մը մէջ իբրեւ երկրաչափի օգնական։ Զօրաշարժին, թրքական բանակին արձանագրուելով, իբրեւ երկրաչափի օգնական, շրջան մը ծառայած է Կարին եւ յետոյ՝ Սեբաստիա, ուր 1916-ին զոհ գացած է Շար Քըշլայի կոտորածին։ Խառնուածքով անշահախնդիր էր, չափազանց ընկերասէր, զոհաբերող եւ համեստ։

Տարածենք