ԳԱՐԼՕ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

ԳԱՐԼՕ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

ԳԱՐԼՕ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Մարզական կեանքին մէջ Գարլօ Շահինեանի մասնակցութիւնը կու գայ պատանեկութենէն, երբ տակաւին Պէրպէրեանի սան՝ իր շուրջ հաւաքած է Սկիւտարի տղաքը եւ հիմը դրած է «Հայորդիք» միութեան։

Այդ միութիւնը մէկը կ'ըլլայ 1915-էն առաջ սկաուտական շարժումի յարողներէն։ Շահինեան եղած է նաեւ մարզիկ, մասնակցած է մրցաշարքներու՝ բարձրութիւն ցատկելով։ Ան յաճախ խլած է առաջնութիւններ։

Զինադադարին ինք կ'ըլլայ «Հայորդիք»ը ներկայացնողը այն պատմական ժողովին, ուր հիմը կը դրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Կ'ընտրուի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ կ'ըլլայ աթլեթիզմի բաժնի վարիչ։ Միաժամանակ, ան կը շարունակէ ըլլալ Սկիւտարի մասնաճիւղի ղեկավարներէն։ Սկիւտարի մրցաշարքերուն գլխաւոր կազմակերպիչը եղած է, իսկ զանազան թաղերու եւ ընդհանուր մրցաշարքներու մէջ՝ իրաւարար, խորհրդատու եւ յանձնախումբի անդամ։ 1922-ին կ'անցնի Պուլկարիա, 1925-ին՝ Փարիզ, ուր մինչեւ իր մահը կը շարունակէ կապուած մնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ ընդհանուր ձեռնարկներուն բերել իր եռանդուն մասնակցութիւնը։

Տարածենք